Արցախի Նոր Կիլիկիա Գիւղի Կառուցման Աշխատանքները Կը Մօտենան Իրենց Աւարտին
Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսաւորմամբ` աւարտին կը մօտենայ Նոր Կիլիկիա բնակավայրի կառուցման երկրորդ փուլի աշխատանքները:
ԼՂՀ քաղաքաշինութեան նախարարութենէն «Արցախփրէս»-ին յայտնեցին, որ ծրագիրի առաջին փուլին մէջ շահագործման յանձնուած է 10 բնակարան, ընթացքի մէջ է եւս 20–ը: Այժմ աշխատանքներ կը տարուին այդ բնակարաններու ներքին յարդարման, փողոցներու բարեկարգման, ելեկտրականութեան մատակարարման ուղղութեամբ:
Տեղադրուած են ջրամատակարարման նոր համակարգեր. շուտով կը սկսի բնակարաններու ջուրի մատակարարումը: Կը նախատեսուի այն շահագործման յանձնել ընթացիկ տարուան: Նշենք, որ Նոր կիլիկիա բնակավայրը կը գտնուի Մարտակերտի շրջանի Կիչան եւ Նոր Ղազանչի գիւղերու հարեւանութեամբ: Բնակարանները հասցէատէրերուն կը բաշխէ ԼՂՀ կառավարութեան բնակարանային յանձնաժողովը: