«Հորիզոն»ի ուսանողական վարժողական ծրագրի գործակատարն է Արին Տիմիթեան
2102
0
Գանատայի աշխատանքի եւ ընկերային զարգացման պետական բաժանմունքին կողմէ տրամադրուած յատուկ ֆոնտով, «Հորիզոն» շաբաթաթերթը այս տարի կը նախաձեռնէ ուսանողական վարժողական ծրագիր (Internship Program)։
Այս ծրագրին դիմում կատարած թեկնածուներէն Մոնթրէալահայ ուսանողուհի Արին Տիմիթեան ընտրուեցաւ վերոնշեալ ծրագրի գործակատար։
Ծրագրի գործակատարը «Հորիզոն»ի ամէնօրեայ խմբագրական աշխատանքներու ծիրէն ներս պիտի կատարէ թարգմանութիւններ, գաղութային ձեռնարկներու թղթակցութիւններ եւ հարցախոյզներ, ինչպէս նաեւ թերթի վարչական բաժանմունքին մէջ պիտի դասաւորէ «Հորիզոն»ի 37-ամեայ արխիւները։
Արին Տիմիթեան Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի շրջանաւարտ է։ Անդամ է ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան եւ ՀՄԸՄ-Կամքի պարմանուհի է։ Ներկայիս կը յաճախէ Մարիանափոլիս բարձրագոյն կրթական գոլէճ։