Օզտեմիր կը հաստատէ չէրքեզական, քրտական, յունական և հայկական իր արմատներ ունենալու մասին

 

Գերմանիոյ խորհրդարանի ազգութաեմբ թուրք պատգամաւոր, «Կանաչներու կուսակցութեան» համանախագահ Ճեմ Օզտեմիրը Cumhuriyet թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնած է, որ այցելած է բժիշկի՝ արեան հետազօտութիւն կատարելու, կը հաղորդէ ermenihaber-ը:

«Պարզուեցաւ, որ աշխարհի քաղաքացի եմ»,- ըսած է Օզտեմիրը՝ նշելով, որ իր մօտ գերմանական ծինային տարրը գերակշռող է, սակայն պակաս չեն նաև չէրքեզական, քրտական, յունական և յատկապէս հայկական տարրերը: Ըստ իրեն՝ ամենացաւալին այն է, որ դեռ 21-րդ դարուն, երկրի մը նախագահը (Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան-խմբ.), ամէն տեսակ քննադատութեան իրաւունք ունենալով հանդերձ, նման լուրջ հարցը իջեցուցած է արեան քննութեան մակարդակի: Օզտեմոր կ՚ակնարէր Էրտողանի այն յայտարարութեան, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին թեր քուէարկած թուրք պատգամաւորները պէտք է քննել տան իրենց արիւնը, թէ զտարիւն թուրք են կամ ոչ։

«Ես, որպէս ստամպուլցի մօր և կովկասցի գաղթական չերքէզ հօր զաւակ, կը կիսեմ Անատոլուի դարերով կողք-կողքի ապրած բոլոր հին ազգերու, յատկապէս հայերու կոտորածներու և աքսորի ցաւն ու ողբերգութիւնը», – ըսած է Օզտեմիր:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.