«Հայաստան Արցախ» Հիմնադրամը 5 Միլիոն Տոլարի Մարդասիրական Օգնութիւն Հաւաքած Է
«Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը Ապրիլ-Մայիսին 5 մլն տոլարի մարդասիրական օգնութիւն հաւաքագրած է:
Հայաստանին ու Արցախին օժանդակելու նպատակով հիմնադրամը հաւաքագրած է 4 մլն տոլար արժողութեամբ դեղորայք եւ այլ մարդասիրական ապրանքներ, իսկ 1 մլն տոլարի չափով արժէքաւոր իրեր: Այս մասին կը տեղեկացնեն «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամէն:
Հիմնադրամի նախագահ Յարութ Սասունեան տեղեկացուցած է, որ Ապրիլին եւ Մայիսին «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամի տեղ հասցուցած օժանդակութիւնը կը ներառէ անհրաժեշտ դեղորայք` քաղցկեղի, սրտի, աղիքային եւ մտաւոր հիւանդութիւններու բուժման համար, ինչպէս նաեւ դեղեր եւ բժշկական պարագաներ` պատերազմի պատճառով ստացուած վէրքերու բուժման համար:
2015 թուականէն «Հայաստան Արցախ» հիմնադրամը 14,1 մլն ԱՄՆ տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն հաւաքագրած է Հայաստանի ու Արցախի բնակչութեան համար: «Հիմնադրամին կանոնաւոր կերպով կ’առաջարկուին միլիոնաւոր տոլարներու արժողութեամբ կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պարագաներ` Հայաստանին ու Արցախին օժանդակելու համար:
Կը քաջալերենք հայ անհատներուն ու կազմակերպութիւններուն առատաձեռնութեան համար, որպէսզի կարենանք շարունակել մեր առաքելութիւնը` անյետաձգելի նպաստ տրամադրելով Հայաստանի ու Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»,- ըսաւ Յարութ Սասունեան: