Գերմանիոյ Թուրք Նախարարը` Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Մասին. «Մենք Մեր Տեսակէտը Յայտնած Ենք»

 

Գերմանիոյ ներգաղթեալներու  եւ ընդելուզման  հարցերով թուրք նախարար Այտան Օզողուզը գերմանական «Deutsche Welle» պարբերականի թրքական ծառայութեան տուած հարցազրոյցին խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Թուրքիոյ ու Եւրոմիութեան միջեւ ստորագրուած Ներգաղթեալներու համաձայնագիրի հնարաւոր առկախման մասին, կը յայտնէ  Ermenihaber-ը:

Լրագրողին այն դիտարկման, թէ Գերմանիոյ մէջ ապրող թուրքերու մէկ մասը այդ երկրի քաղաքացիութիւն չունենալու պատճառով չի կրնար ուղղակիօրէն մասնակցիլ քաղաքական կեանքին` յոյսը դնելով  թուրք պատգամաւորներու վրայ, սակայն նախորդ շաբաթ տեղի ունեցած քուէարկութենէն յետոյ անոնք հիասթափութիւն ապրեցան, Օզողուզ պատասխանած է. «Ըստ իս` մենք, որպէս պատգամաւոր, արտայայտած ենք մեր տեսակէտները: Ոմանք չմասնակցեցան քուէարկութեան, ոմանք ալ նոյնիսկ ելոյթ չունեցան: Կը հասկնանք, որ թուրքերու համար սա զգացմունքային հարց է, բայց չի կարելի սպասել, որ բոլորը պէտք է պաշտպանեն նոյն տեսակէտը: Այս թեման ընդունուած է երկարատեւ ուսումնասիրութիւններու եւ քննարկումներու արդիւնքով: Կրնաք այլ կերպ մտածել, կրնաք քննադատել, սակայն ճիշդ չէ սպառնալ եւ վիրաւորել հակառակ մտածողներուն»:

Թերթի լրագրողը Օղուզոզին հարցուցած է նաեւ, թէ վերջինս ինչպէս կը գնահատէ Թուրքիոյ հակադարձ վերաբերմունքը եւ այդ ծիրէն ներս ինչպէս կը դասաւորուի Ներգաղթեալներու համաձայնագիրի յետագայ ճակատագիրը:

Օղուզօզը ըսած է, որ Գերմանիան նախկինին պէս կը վերաբերի այդ համաձայնագիրին, սակայն այժմ դժուար է ըսել, թէ Թուրքիան ինչ կը պատրաստուի ընել իր վրայ վերցուցած պարտաւորութիւններուն մասով` աւելցնելով, որ այս հարցով առ այժմ սպասողական վիճակ է:

Իսկ այն հարցին, թէ արդեօք Գերմանիան կրնայ այլընտրանքային տարբերակներ գտնել Թուրքիոյ հետ Ներգաղթեալներու համաձայնագիրի չեղարկման պարագային, Օզողուզը պատասխանած է, որ Գերմանիան կը ցանկայ հաւատարիմ մնալ Թուրքիոյ հետ ստորագրած համաձայնագիրին, սակայն այլ զարգացումներու պարագային  այլընտրանքներ չի բացառեր:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.