Թուրք փաստաբանը Գերմանիոյ խորհրդարանի որոշումը չեղեալ նկատելու համար դիմած է Գերմանիոյ Սահմանադրական դատարան
Թուրք փաստաբան Ռամազան Աքպաշը Գերմանիոյ խորհրդարանի Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրինագիծը չեղեալ նկատելու համար իրաւական գործընթաց սկսած է: Աքպաշ համապատասխան դատ բացած է Գերմանիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ, ինչպէս նաև Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մօտ:
Աքպաշ այս հարցով պարզաբանումներ կատարած է թրքական Dogan լրատուական գործակալութեան՝ շեշտելով, որ Գերմանիա բնակող 4.5 միլիոն թուրքերէն եւ թրքական ծագումով գերմանացիներէն իւրքանչիւրը կրնայ անհատական դատով դիմել Գերմանիոյ Սահմանադրական դատարան:
Թուրք փաստաբանը նկատել տուած է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը հաշուի չնստեցաւ գերմանաբնակ թուրքերուն հետ և այդ ձեւով հարուած հասցուց երկրին մէջ տիրող ներքին խաղաղութեան:
«Գերմանիան կրակի հետ կը խաղայ: Երկրին մէջ տիրող իսլամաֆոպիայի դրսևորումները, ինչպէս նաև թուրքերու դէմ թշնամանքը աւելի կը տարածուի: Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, խիստ վտանգաւոր է», ըսած է ան:
Աքպաշը մտավախութիւն յայտնած է նաեւ, որ այս որոշումէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան մասին դիրքորոշումը կրնայ արտացոլալ նաև դասագիրքերու մէջ և այդ իսկ պատճառով Գերմանիոյ մէջ հիմը կը դրուի թուրքերու դէմ ատելութեան: Ան յոյս յայտնած է, որ դատարանը կ՚ուսումնասիրէ իր դիմումը և կը բաւարարէ իր բողոքը: