Արա Խաչատուրեան. «Բարձրացայ Էվերեսթի Գագաթը` Աշխարհի Ամբողջ Հայութեան Համար»

 

ara2_60716

26 մայիս 2016-ին լեռնագնաց Արա Խաչատուրեան իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ. «Բարձրացայ եւ հասայ աշխարհի ամէնէն բարձր` Էվերեսթի գագաթը, որուն բարձրութիւնը 8848 մեթր է:

Ատիկա կատարեցի աշխարհի ամբողջ հայութեան եւ ինծի համար, որովհետեւ մեր արդար դատը երբեք պիտի չմոռցուի, եւ պիտի շարունակենք յիշել 24 ապրիլ 1915-ը, մեր անմեղ` 1,5 միլիոն զոհերուն յիշատակը, որպէսզի աշխարհ տեսնէ, թէ մենք ինչպիսի՛ պայքարող ազգ մըն ենք»:

ara1_60716ara3_60716Աշխարհի ամէնէն բարձր գագաթը հասնելէ ետք, Արա Խաչատուրեան այդտեղ աւելի քան կէս ժամ մնաց` իր դէմքին դրած թթուածինի սարք` նկատի ունենալով, որ այդտեղ աստիճանը կը հասնի -70-ի: Խաչատուրեան այս ծրագիրը փորձեց իրագործել շուրջ տարի մը առաջ, սակայն անիկա մնաց կիսատ` նկատի ունենալով, որ Էվերեսթի մօտ երկրաշարժ տեղի ունեցաւ, եւ բոլոր լեռնագնացներուն առաքելութիւնը ընդմիջուեցաւ:

Արա Խաչատուրեանին այս իրագործումը կը նկատուի բաւական մեծ արկածախնդրութիւն մը եւ կը պահանջէ մեծ զոհաբերութիւն:

Նշենք, որ ան 4 յունիսին, Մարսէյի մէջ գտնուող Հայաստանի դեսպանատան մէջ արժանացաւ շատ ջերմ ընդունելութեան` տեղւոյն հայկական գաղութին կողմէ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.