Գերմանիոյ Պունտեսթակը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Գերմանիոյ Պունտեսթակը ընդունեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, որ ներկայացուած է «1915 թ. հայերու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան յիշատակի եւ ոգեկոչման մասին» անունով: Բանաձեւը հաստատուեցաւ գրեթէ միաձայնութեամբ. ընդամէնը մէկ դէմ եւ մէկ ձեռնպահ ձայն արձանագրուած է:
Ելոյթ ունեցողները միաձայն կ՝ընդգծէին անցեալի հետ առերեսման անհրաժեշտութիւնը, նաեւ` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաշտեցման գործընթացին նպաստելու մղումները:
Պունտեսթակի անդամները արտայայտուած են Օսմանեան Թուրքիոյ ոճրագործութեան մասին` նշելով, որ Գերմանիոյ քայլը ոչ թէ հայց է եւ մեղադրանք, այլ խոնարհում զոհերու յիշատակին առջեւ:
Պունտեսթակի նախագահ Նորպըրթ Լամերթ անդրադարձած է խիզախութեան դրսեւորման եւ անցեալի մութ էջերու հետ առերեսուելու անհրաժեշտութեան մասին:
«Անցեալի հետ առերեսումը մեզ համար կրնայ ցաւոտ ըլլալ, սակայն, միեւնոյն ժամանակ քրնայ ազնիւ եւ ինքնաքննադատական մօտեցում ըլլալ՛ սեփական անցեալի նկատմամբ: Ատիկա կարեւոր է այլ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու կառուցման տեսանկիւնէն, որու համար պէտք է խիզախութիւն` փոխըմբռնման եւ հաշտեցման հասնելու համար», յայտարարած Լամերթը:
Բանաձեւը համատեղ կազմած եւ ներկայացուցած էին իշխող համախմբումին մաս կազմող Քրսիտոնեայ-դեմոկրատական միութիւն (CDU) եւ Քրիստոնէական-սոցիալական միութիւն (CSU), Սոցիալ-դեմոկրատական (SDP) եւ ընդդիմադիր Կանաչներու կուսակցութիւնները:
Իբրեւ անմիջական բոբչոք ու հակազդեցութիւն, Թուրքիա Անգարա կանչած է Գերմանիոյ մօտ իր դեսպանը: