Մարմնամարզութիւն. Վահագն Դաւթեան` Եւրոպայի Ախոյեան

 

champion-vahakn_52916

Զուիցերիոյ Պեռն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստանը ներկայացնող Վահագն Դաւթեան օղակներու մրցումներուն արձանագրելով տպաւորիչ արդիւնքներ եւ ապահովելով 15,633 կէտ, հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան, այ մասին յայտնեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:

Իսկ նժոյգի մրցումներուն Յարութիւն Մերդինեան ապահովելով 15,366 կէտ, հռչակուեցաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.