Պատմական Վարագավանքը Վերածուած է Աւերակի
Վանի ամենանշանաւոր պատմական յուշարձաններէն մէկը հանդիսացող Վարագայ վանքը վերածուած է աւերակի: Պահպանման տակ չառնուելու հետեւանքով քանդուած վանքը պատմական յուշարձանէ աւելի աւերակ կը յիշեցնէ: Այդ մասին, ըստ ‘Akunq.net’-ի, ‘Merkür Haber’ կայքին մէջ կը գրեն Օզնուր Անուքը եւ Եունուս Օրքին:
Հրապարակման հեղինակները կը յիշեցնեն, որ Վարագավանքը կառուցուած է 8-11-րդ դարերուն եւ կը նշեն, թէ վանքի` ներկայ կանգուն մնացած հատուածը ստեղծուած է 1003-1021 թուականներուն` Վասպուրականի թագաւոր Սենեքերիմ-Յովհաննէսի իշխանութեան օրօք, սակայն չեն յայտներ, որ վանքը հայկական է:
Լուրի հեղինակները նաեւ կը գրեն, թէ 2011-ի ուժգին երկրաշարժի հետեւանքով մեծ վնաս կրած Վարագավանքի վերականգնման եւ վերանորոգման ուղղութեամբ դեռ ոչ մէկ աշխատանք կը տարուի:
Ըստ լրագրողներուն` Էրէք լերան ստորոտին կառուցուած սոյն վանքը կը գտնուի ներկայ Եուքարը Պաքրաչլը գիւղին մէջ: Վարագավանքը բաղկացած եղած է հինգ եկեղեցիներէ, ժամատունէ, գրադարանէ եւ զանգակատունէ: Վանքի ամենահին եկեղեցին Սուրբ Սոֆիան է` կառուցուած 8-րդ դարուն:
Հեղինակները կ՛աւելցնեն, որ Վարագավանքի սեփականութեան վկայականը կը պատկանի HABERTÜRK-ի նախկին գլխաւոր խմբագիր Ֆաթիհ Ալթայլըին: Վերջինս նախապէս յայտարարած էր, որ եթէ նախարարութիւնը ցանկայ, ինք պատրաստ է անմիջապէս յանձնելու վանքը: Սակայն մինչ այժմ որեւէ աշխատանք չէ տարուած այդ ուղղութեամբ:
Հեղինակները նաեւ կը յայտնեն, որ վանքը հիմնականօրէն փակ է, սակայն այցելուներ ունենալու պարագային հնարաւոր է բանալ: Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ ամէնամեայ պատարագին մասնակցողները կ՛այցելեն նաեւ Վարագավանք, ուր նոյնպէս մոմ կը վառեն եւ կ՛աղօթեն:
Մելինէ Անումեան
Akunq.net