Թեքուանտօ. Արման Երեմեան` Եւրոպայի Փոխախոյեան


Arman_52316

Զուիցերիական Մոնրոյ քաղաքին մէջ նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Եւրոպայի թեքուանտոյի ախոյեանութիւնը:

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արման Երեմեան (87 քկ), հասնելով աւարտական հանգրուան, միայն պարտուելով 1-0 արդիւնքով, հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:

Ախոյեան հանդիսացաւ ռուս Վլատիսլաւ Լարին, մինչ երրորդ դիրքը գրաւեցին Սերպիոյ եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչները:

Նշենք, որ այս ախոյեանութեան Հայաստանը ներկայացուցին Վարագ Աղաջանեան (54 քկ),  Հայկազ Սամուէլեան (58 քկ), Սերկէյ Աւանէսով (63 քկ) Սերկէյ Վարդազարեան (68 քկ), Դաւիթ Վարդումեան (74 քկ) եւ Արման Երեմեան (87 քկ):


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.