Հ. Բագրատեանի արծարծած Հիւլէական զէնքի նիւթը միջազգային ծաւալ ստացած է

 

(«Նոր Յառաջ») – Անցնող շաբաթ միջազգային լրատուամիջոցներ անդրադարձած էին ՀՀ նախկին վարչապետ Հրանտ Բագրատեանի այն յայտարարութեան մասին, թէ Հայաստան հիւլէական զէնք ունի:
Այս յայտարարութիւնը ներկայիս միջազգային ծաւալ ստացած է:
Եւրոպական յանձնաժողովը որոշած է ստուգել այդ տեղեկութիւնները: Այս մասին, Մայիս 10-ի երեկոյեան յայտարարած է Եւրոպական միութեան Արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան հարցերու գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի բանբեր Մայա Քոսեանչիչ:
“Ես պէտք է ստուգեմ։ Դուք գիտէք մեր դիրքորոշումը հիւլէական զէնքի տարածման կանխարգիլման վերաբերեալ։ Դուք ծանօթ էք մեր մօտեցումին։ Ան շատ պարզ է”,- ըսած է Քոսեանչիչ` պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն խնդրանքին:
Նոյն օրը՝ Մայիս 10-ին, ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդ. Շարմազանով յայտարարած է, որ Հայաստան մտադիր չէ հիւլէական զէնք ստեղծելու:
Մայիս 11-ին, Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, ՀՅԴ-ի խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան անդրադարձած է Մայա Քոսեանչիչի վերոնշեալ յայտարարութեան:
“Թող գան, ստուգեն, դա իրենց իրաւունքն է։ Թող ստուգեն նաեւ զէնքերի բալանսը (հաւասարակշռութիւնը)։ Մենք էլ ասում ենք, որ զէնքի բալանսը լրջօրէն խախտուել է՝ յօգուտ Ադրբեջանի, պէտք է այդ բալանսը պահպանուի, այնպէս որ թող գան ու ստուգեն։ Բոլորի աչքի առաջ Ադրբեջանը զինւում է ու սպառնում՝ կիրառելով այնպիսի զինատեսակներ, որոնք արգելուած են ըստ էութեան”,- ըսած է Արմէն Ռուստամեան:
Վերջինս ընդգծած է, որ Ազէրպայճան այսօր ալ կը գործածէ զանգուածային բնաջնջման զէնքեր, այդպէսով սպառնալով Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութեան:
Ան, ակնարկելով խորհրդային շրջանին, աւելցուցած է, որ Հայաստան եղած է հիւլէական տէրութեան մաս եւ որպէս այդ` մինչ օրս “անյայտ պատմութիւններ կան”։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.