Պասքերու Սան Սեբաստիան քաղաքը կը զօրակցի Արցախին
Ապրիլի 26-ին, Պասքերու Երկրի (Սպանիոյ մէջ ինքնավար մարզ) Գիպուսկոա նահանգի մայրաքաղաք Սան Սեբաստիանի քաղաքապետարանին մէջ ներկայացուած խմբակցութիւններու ղեկավարներու ժողովի նիստի ընթացքին ընդունուած է հետևեալ յայտարարութիւնը, որ հաստատուած է նաեւ քաղաքապետին կողմէ մայիս 5-ին։
Սան Սեբաստիանի քաղաքապետարանը՝
1. Այս ծանր պահուն Ստեփանակերտին կը փոխանցէ իր զօրակցութիւնը՝ վերահաստատելով վերջինիս բնակչութեան խաղաղ և բնականոն կերպով ապրելու իրաւունքը:
2. Կոչ կ՚ընէ բոլոր կողմերուն, որպէսզի վերադառնան այն վիճակին, որ կը տիրէր նախքան հրադադարի խախտումը և թոյլ տրուի հսկողութեան ենթարկել հրադադարի պահպանումը:
3. Կոչ կ՚ընէ բոլոր կողմերուն, որպէսզի լուծեն իրենց միջև տարաձայնութիւնները՝ Մինսկի Խմբակի հովանիին տակ երկխօսութեան և բանակցութեան միջոցով, միշտ յարգելով ժողովուրդի կամքը:
4. Այս առումով, կը հայցէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Մինսկի խմբակի իրականացուցած բանակցութիւններու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղը ունենայ իր սեփական ձայնը: