Էտ Ռոյս՝ Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Նախագահ

 

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց այն տեղեկութիւնները, թէ Միացեալ Նահանգներու յաջորդ Ներկայացուցիչներու տան մէջ աթոռներու մեծամասնութիւնը իրենց հակակշիռին տակ պահած Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը որոշած է Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահի պաշտօնը վստահիլ հայամէտ քոնկրեսական Էտ Ռոյսին, որ Քոնկրեսի մէջ Հայկական հարցերու համախմբումի հանրապետական համա-ատենապետն է:
«Իբրեւ Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ, քոնկրեսական Ռոյս ցոց տուած է, թէ մարդկային տարրական իրաւանց պաշտպան մըն է՝ պայքարելով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած քրիստոնէական եկեղեցիներու վերադարձին համար», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան:
Թրքական մամուլը կը յիշեցնէ, թէ յանձնախումբի ներկայ նախագահն է Իլիանա Ռոս Լեհթինըն, որուն արմատները կ՛երկարին մինչեւ Թուրքիա: Հանրապետական կուսակցութեան կանոնադրութեան համաձայն՝ ան չէր կրնար վերընտրուիլ այդ պաշտօնին համար։ Թրքական մամուլը նաեւ կը նշէ, թէ Ռոյս ծանօթ է իր հակաթուրք կեցուածքով՝ աւելցնելով, որ Ամերիկայի թրքական լոպին իր կարելին ըրած էր ձախողութեան մատնելու համար անոր նշանակումը:
Ռոյս 113րդ Քոնկրեսին մէջ իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ Յունուար, 2013ին:
Յայտնենք, թէ Ռոյս եւ Քոնկրեսի մէջ Հայկական հարցերու համախմբումի դեմոկրատ համա-ատենապետ Ֆրենք Փալոն Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի «Ռասըլ» շէնքին մէջ նախաձեռնած են Լեռնային Ղարաբաղի ազատագրական պայքաին նուիրուած հաւաքի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր 5ին, երեկոյեան ժամը 6:30էն 8:30:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.