Եւրոմիութիւնը Արցախի Հակամարտութիւնը Սառեցուած Չի Նկատեր
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թշնամական հռետորաբանութիւնը, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հակամարտող հասարակութիւններուն միջեւ վստահութեան եւ բաւարար շփումներու պակասը խոչընդոտներ են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով յառաջխաղացք ապահովելու ճամբուն վրայ. Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29ին Պաքուի մէջ այդպէս յայտարարած է Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լըֆոր՝ ըստ ատրպէյճանական «1news.az» լրատուական կայքին:
«Եւրոմիութիւնը Արցախի հակամարտութիւնը սառեցուած չի նկատեր: Սառեցուած է միայն անոր լուծումը», աւելցուցած է Լըֆոր՝ նշելով, որ Եւրոմիութիւնը իր կարելին պիտի ընէ հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորումը արագացնելու համար: Ըստ անոր՝ անհրաժեշտ է շարունակել բանակցային գործընթացը, որուն միջոցին հակամարտող կողմերը պէտք է ցուցաբերեն խելամտութիւն եւ պատրաստ պէտք է ըլլան փոխզիջումներով համաձայնութեան մը հասնելու:
Վերահաստատելով Եւրոմիութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի գործունէութեան՝ Լըֆոր նաեւ ընդգծած է, թէ Պրիւքսէլ համանախագահներու ձեւաչափը փոխելու անհրաժեշտութիւն չի տեսներ:
Լըֆոր Պաքուի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ՝ խորհրդակցութիւններ ունենալով Ատրպէյճան-Եւրոմիութիւն յարաբերութեանց եւ Արցախի հակամարտութեան շուրջ բանակցութեանց մասին:
Հանդիպումէն ետք, Մամետեարով դարձեալ յայտարարեց, որ Ստեփանակերտի օդակայանին օգտագործումը հարուած մը պիտի հասցնէ Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութեանց գործընթացին: