Երեւանի Մէջ Գումարուեցաւ ՀՅԴ Միջմարմնական Խորհրդաժողով

 

ԵՐԵՒԱՆ, «ՀՅԴ Մամլոյ դիւան».– 24-25 Նոյեմբերին,  Երեւանի մէջ  գումարուեցաւ ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցներու միջմարմնական խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան ներկայացուցիչներ՝ կազմակերպութեան բոլոր Կեդրոնական կոմիտէներէն, Հայաստանի Գերագոյն մարմինէն եւ այլ շրջաններէ:
Ժողովին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոն ներկայացուց իր տարեկան գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը՝ տարբեր բնագաւառներու վերաբերող:
Օրակարգի գլխաւոր հարցերէն էր սուրիահայութեան դիմագրաւած անվտանգութեան խնդիրներու եւ մարդասիրական կարիքներու համար քաղաքական-յարաբերական եւ ֆինանսական աջակցութեան աշխատանքներուն ընթացքը: Ժողովը շեշտեց, որ պէտք է պատրաստ ըլլալ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ բոլոր ուղղութիւններով աշխատանքները շարունակելու եւ անոնց թափը պահելու՝ նկատի ունենալով, որ սուրիական տագնապը կրնայ արագ լուծման հեռանկար չունենալ: Ժողովը նաեւ շեշտեց, որ բազմակողմանի աջակցութիւնը հիմնականօրէն ուղղուած պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ հայ համայնքի կարիքներուն, ինչպէս նաեւ՝  Հայաստան տեղափոխուածներուն:
ՀՅԴ միջմարմնական խորհրդաժողովի օրակարգի մնացեալ հարցերը կը վերաբերին Հայաստանի մէջ ընկերային եւ տնտեսական շարք մը խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ կուսակցութեան ծրագիրներուն, ներքին եւ արտաքին քաղաքական զարգացումներուն, Արցախի վերաբնակեցման  վերաբերող նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի աշխատանքներուն:
ՀՅԴ 31րդ Ընդհանուր ժողովէն ետք ասիկա ՀՅԴի երկրորդ միջմարմնական խորհրդաժողովն էր. առաջինը գումարուած է 2011ի Դեկտեմբերին, Պէյրութի մէջ։
ՀՅԴ միջմարմնական խորհրդաժողովին նախորդող եւ յաջորդող օրերուն  ՀՅԴ Բիւրօն գումարեց լիագումար նիստ, որուն ընթացքին քննարկուեցան միջմարմնական ժողովին արծարծուած հարցերը եւ Բիւրոյի օրակարգի այլ հարցեր:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.