Լաւալի մէջ հիմնուեցաւ Համազգայինի մանկապատանեկան «Նանոր» երգչախումբը


Գանատայի Լաւալ քաղաքին մէջ հայկական մշակութային կեանքը աշխուժացնելու միտումով, եւ մնալով իր առաքելութեան մէջ՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Սանահին մասնաճիւղը, համագործակցութեամբ՝ Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Ապրիլ 2016-ին հիմը դրաւ Համազգայինի մանկապատանեկան «Նանոր» երգչախումբին։ Խմբավարութեան պաշտօնը ստանձնեց Հալէպէն Մոնթրէալ հաստատուած՝ Լուսին Ժամկոչեան։ 

 Օրդ. Լուսին Ժամկոչեան դուստրն է Հալէպի մէջ շեփորախումբերու հիմնադիր՝ եղբ. Տիգրան Ժամկոչեանի։ Երաժշտական մարզին մէջ իր ներդրումը ունեցած է իբր երգող, դաշնակահար, ուսուցիչ եւ ղեկավար։ 

Լուսին Ժամկոչեան երաժշտական ուսում ստացած է Հալէպի Bally Conservatoire-էն (1995-2003), աւարտելով երգեցողութեան եւ դաշնամուրի դասընթացքները եւ արժանանալով բարձր գնահատանքի։  Մաս կազմած է զանազան երգչախումբերու, ինչպէս՝ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին, «Նարեկացի» եւ «Ֆրանսուա Ասիզի» երգչախումբերուն։ Մաս կազմած է նաեւ զանազան եկեղեցիներու դպրաց դասերուն։

Հանդէս եկած Իտալիոյ տարածքին եօթը քաղաքներու մէջ, երգչախմբային համերգներով եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ։ Հալէպի մէջ խմբավարած է զանազան միութիւններու փողերախումբերը, մասնակցելով ազգային եւ պետական ելոյթներու։ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին մէջ աւանդած է ձայնամարզութեան, «սոլֆէժ»ի, դաշնամուրի, երգեհոնի եւ ձայնափողի («թրօմփէթ»ի) դասեր։ 2014-ին նշանակուած է Հալէպի “The Voice”-ի դատական կազմի անդամ։

2016-ին, նախքան Գանատա հաստատուիլը, Լիբանանի մէջ կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին, Լուսին պաշտօնավարած է «Էլիաս Րահպանի»ի երաժշտանոցէն ներս, դաշնամուրի եւ սոլֆէժի դասընթացքներ տալով, նաեւ ստանձնած է Սբ. Աստուածածին եւ Սբ. Քառասուն Մանուկ եկեղեցիներու դպրաց դասերուն խմբավարութիւնը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.