Էրտողանի մարդորսութեան օրինականացումը
2349
0
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Գալիք շաբաթ, Մայիս 16ին, Թուրքիոյ Ազգային Ժողովը օրակարգի վրայ պիտի ունենայ պատգամաւորներու անձեռնմխելիութեան վերացման օրինագիծը։ Ասիկա խիստ վտանգաւոր քայլ մըն է, որ պիտի նուիրագործէ ընդդիմադիր պատգամաւորներու դէմ Թուրքիոյ նախագահ Րեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախաձեռնած մարդորսութիւնը։
Կարելի չէ այլ կերպ բնութագրել այս օրինագիծը, որովհետեւ այդ մարդորսութիւնը գործադրութեան մէջ է տարիներէ ի վեր։ Աստիճանաբար ան զարգացաւ հասնելու մինչեւ Թուրքիոյ Ազգային Ժողովի դահլիճները եւ ընդդիմադիր պատգամաւորներուն։ Մէկ շաբթուայ ընթացքին Էրտողանի Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան (ԱԲԿ) անդամները երեք տարբեր առիթներով ֆիզիկական յարձակումի ենթարկեցին ընդդիմադիր Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (ԺԺԿ) պատգամաւորներուն։
Թրքական մամուլը սոյն բռնարարքները կ՚՛որակէ «քավկա», այսինքն՝ վէճակռիւ։ Իսկ Արեւմտեան մամուլը զանոնք կը ներկայացնէ իբրեւ «բռնցքամարտ»։ Սակայն այս արարքները աւելի վախազդու են քան «քավկա»ն կամ «բռնցքմարտ»ը։ Եղածը պարզապէս ընդդիմադիր պատգամաւորներու դէմ մարդորսութիւն է, որ կրնայ աւարտիլ անոնց ֆիզիկական ոչնչացումով։ Այս եղերական վախճանը աւելի քան իրական է ԺԺԿի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի պարագային։ Բռնարարքներու յարաճուն զարգացումը խօսուն է այս մասին։
Բռնարարքներու առաջին գրոհը կատարուեցաւ անցեալ Ապրիլ 27ի խորհրդարանի լիագումար նիստին, երբ ԺԺԿի քրտազգի պատգամաւոր Ֆէրհատ Էնչիւ խիզախութեամբ ամբաստանեց կառավարութիւնը անմեղ քաղաքացիներու դէմ կատարուող անխնայ ռմբակոծումներուն համար։
Խորհրդարանական բռնարարքներու երկրորդ հանգրուանը սկսաւ Ապրիլ 28ին՝ անձեռնմխելիութեան վերացման օրինագծի քննարկման համար կայացող Սահմանադրական Յանձնաժողովի նիստին։ Նիստի սկիզբը ԱԲԿի պատգամաւորները պահանջեցին բոլոր թղթակիցներու ժողովասրահէն հեռացումը, ինչպէս նաեւ նստավայրի փոփոխութիւնը։ Երբ ԺԺԿի պատգամաւորները ընդդիմացան այս կրկնակ պահանջներուն, ԱԲԿի անդամները դիմեցին ֆիզիկական յարձակումներու։
Յարձակումներու երրորդ ալիքը ծայր առաւ Մայիս 2ին՝ Սահմանադրական Յանձնաժողովի յաջորդող նիստին։ Հազիւ նիստը սկսած, ԱԲԿի մարդիկը կրկին դիմեցին իրենց աքացիներու եւ բռունցքներու գրոհին՝ ընդդէմ ԺԺԿի պատգամաւորներուն։ Սակայն այս անգամ ԱԿԲականները ուղղակի թիրախ ընտրած էին Իսթանպուլի պատգամաւոր Կարօ Փայլանին։
Ըստ Փայլանի, իր անձին դէմ ԱԲԿի պատգամաւորներու յարձակումը ծրագրուած ըլլալու տուեալները կը պարունակէր։ Իր անձը ուղղակի թիրախ էր։ Ան հարիւրէ աւելի աքացիի ու բռունցքի հարուածներ ստացաւ 20էն 30 երկվայրկեաններու մէջ։
Դէպքէն անմիջապէս ետք, Իսթանպուլի պատգամաւոր Մէհմէթ Մէթինէրի գլխաւորութեամբ ԱԲԿն սկսաւ մամուլի ճամբով ծրագրուած քարոզարշաւի՝ մեղադրելով Փայլանը իբրեւ պատահարին գրգռիչը։ Սակայն յանձնաժողովի արձանագրութիւնները ճիշդ հակառակը կ՛ապացուցեն։ Մայիս 2ի նիստի բացման, ակնարկելով նախորդող՝ Ապրիլ 28ի նիստի դէպքերուն, Թուրքիոյ Արդարադատութեան նախարարը յայտարարեց թէ այդ նիստը կասեցուեցաւ ԺԺԿի կողմնակիցներու գործադրած բռնարարքներուն հետեւանքով։ Փայլան անմիջապէս պատասխանեց, «Այդպէս չեղաւ»։ Եւ այս պատասխանին անմիջապէս հետեւեցաւ ԱԲԿի գրոհը։ Ապրիլ 28ի նիստի արձանագրութիւնները կը հաստատեն, թէ Արդարադատութեան նախարարը պարզապէս կը ստէ։
Ասիկա յստակօրէն կ՛ապացուցէ թէ եղածը ի սկզբանէ պատրուակ մըն էր, որպէսզի Փայլան ծրագրուած յարձակման ենթարկուի։ Միասնաբար 10էն 15 ԱԲԿի պատգամաւորներ շրջապատած են Փայլանին ու սկսած են պոռալ «Կարոն հո՚ս է, Կարոն հո՚ս է», եւ անցած են աքացիի ու բռունցքի հարուածներու։
Այս բոլորը չարագուշակ զարգացումներ կը հանդիսանան։ Յետայսու Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր պատգամաւորները դէմ յանդիման կը գտնուին բանտարկութեան կամ սեփական անէացման վտանգին, որուն սկսած են հետամուտ ըլլալ թրքական իշխող ուժերը։
Այս վտանգաւոր զարգացման ազդանշանն է պատգամաւորներու անձեռնմխելիութեան վերացման օրինագիծը, որ միաձայնութեամբ որդեգրուեցաւ յանձնաժողովի ԱԲԿի, Ժողովրդավարական Հանրապետական Կուսակցութեան եւ Ազգային Շարժում Կուսակցութեան պատգամաւորներուն կողմէ՝ ի բացակայութեան ընդդիմադիր ԺԺԿի անդամներուն։ Ազգային Ժողովի կողմէ օրինագծին որդեգրումը անակնկալ պիտի չըլլայ, քանի որ ան նախաձեռնութիւնն է նախագահ Էրտողանի։ Իր այս քայլով, Էրտողան կը փորձէ լուծում մը գտնել լռեցնելու կամ մինչեւ իսկ անէացնելու Ազգային Ժողովի ազգային այլ ժառանգութեամբ պատգամաւորները։
Թրքական իշխանութիւնները արդէն իսկ իրաւասու նախարարութեանց մօտ մուծած են քրէական թղթածրարներ՝ ընդդէմ ընդդիմադիր պատգամաւորներու։ ԺԺԿի 59 պատգամաւորներէն առնուազն 50ին դէմ գոյութիւն ունին նման թղթածրարներ։ Անմիջապէս որ Ազգային Ժողովը օրէնքի վերածէ անձեռնմխելիութեան վերացումը, այս պատգամաւորները պիտի ձերբակալուին, ամբաստանուին քրէական լուրջ յանցանքներով ու յանձնուին դատավարութեան։
Անշուշտ Կարօ Փայլան անմասն պիտի չմնայ այս գործընթացէն։ Իր պարագային մեղադրանքները կրնան շատ աւելի խիստ ըլլալ՝ իր Հայկական ծագումին համար։ Ինչպէս Փայլան կը բացատրէ, իր անձին թիրախաւորման պատճառը իր Հայ ինքնութիւնն է։ Իրեն դէմ նախաձեռնուող մարդորսութիւնը ան յստակ կերպով կը բնութագրէ.- «Ինչ որ անոնք չեն կրնան մարսել այն իրողութիւնն է, որ Հայ ինքնութեամբ անհատ մը իրենց սուտերը կը քօղազերծէ… Անոնք կ՛ուզեն Հայը տեսնել իբրեւ իրենց ենթարկուող անձ»։
Կարօ Փայլանի ու ընդդիմադիր պատգամաւորներու դէմ Էրտողանեան մարդորսութիւնը պէտք է կասեցուի քանի ուշ չէ։ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը չեն կրնար ձեռնածալ մնալ ինչպէս անցեալին։
Վերջին անգամ երբ Թուրքիոյ մէջ նման մարդորսութիւն սարքուեցաւ զոհը Հրանդ Տինքն էր։ Հակառակ բոլոր դիմումներու, ոչ Միացեալ Նահանգներ ու ոչ ալ Եւրոպան ոչ մէկ գործնական քայլի դիմեցին՝ կանխելու համար այդ մարդորսութեան վախճանը։ Եւ Յունուար 19, 2007ին Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ։
Վերջին անգամ երբ Թրքական իշխանութիւնները ի մի հաւաքեցին Օսմանեան Խորհրդարանի «անբաղձալի» երեսփոխանները, այդ մէկը պատահեցաւ Ապրիլ 24, 1915ի երեկոյեան։ Այդ անգամ Հայ երեսփոխանները դուրս բերուեցան իրենց սեփական «ապահովութեան» համար, ղրկուեցան հեռաւոր վայրեր, ու ապա մէկ առ մէկ սպաննուեցան։ Այդ անգամ սկիզբն էր Հայկական Ցեղասպանութեան։
Այս անգամ պէտք չէ թոյլ տանք որ հոն հասնի Թրքական նոր մարդորսութիւնը։