Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Արցախի հարցով հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ
2031
0
Մայիս 11-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ յանձնախումբի անդամ Գրիգոր Տէր Ղազարեան Օթթաուայի Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցան դեսպանատան գլխաւոր գործակատար Ֆլորենս Ֆերարիի հետ։
Հանդիպման ընթացքին, Հայ Դատի յանձնախումբը տիկ. Ֆերարիի ներկայացուց Հայ Դատի աշխարհատարած յանձնախումբերու միջազգային գետնի վրայ տարած աշխատանքներուն մասին ծանօթացման զեկոյց մը, որմէ ետք ֆրանսացի դիւանագէտի ուշադրութեան յանձնուեցան Արցախի Ապրիլեան պատերազմի գծով Ատրպէյճանական կողմի նախայարձակ ըլլալու իրողութեան շուրջ մանրամասնութիւններ։ Յաձնախումբին կողմէ պահանջուեցաւ, որ Ֆրանսան, իբրեւ համանախագահ Արցախի հարցով բանակցութիւններ համակարգող Մինսկի խմբակին՝ դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարը խախտելու ընթացքը։ Նշուեցաւ նաեւ, որ յանձնախումբին մօտ բաւարար փաստեր կան, որպէսզի ապացուցուի ատրպէյճանական բանակին կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ գործադրուած սպանութեան եւ բռնութեան վայրագ դէպքերը։
Տիկ. ՖԵրարի իր կարգին յայտնեց, թէ Մինսկի խմբակի ամերիկացի, ռուս եւ ֆրանսացի համանախագահները մօտէն կը հետեւին կացութեան եւ տենդագին աշխատանքի լծուած են իրավիճակը բնականոն իր ընթացքին վերադարձնելու ուղղութեամբ։
Հանդիպման աւարտին կողմերը պայմանաւորուեցան շարունակել համագործակցութեան գործընթացը։