Այգաւան գիւղի Մելքոնեան ընտանիքին 14-րդ զաւակը ծնաւ


Արարատի մարզի Այգաւան գիւղի բնակիչ տէր եւ տիկին Մարտիկ եւ Անժելա Մելքոնեաններուն ընտանիքը մեծ ու հերթական ուրախութիւն կ’ապրի, ծնած է իրենց 14-րդ զաւակը:

Մամլոյ լուսանկարիչ Գագիկ Շամշեանը կը յայտնէ, թէ ամուսինը՝ Մարտիկ Մելքոնեանը, ուրախութեամբ ու հպարտութեամբ կը խօսէր իրենց որդիին լոյս աշխարհ գալուն մասին: Ամուսինները որոշեր են նորածինը կնքել Դաւիթ անունով: Այժմ ունին 4 տղայ եւ 10 աղջիկ: Իրենց անդրանիկ զաւակը՝ Պաղտասար Մելքոնեանը, որ 21 տարեկան է, արդէն ծառայեր է հայոց բանակին

Նշենք, որ 2015 թուականին SHAMSHYAN.com-ը յայտնած էր նաեւ Մելքոնեաններու ընտանիքին 13-րդ զաւակի ծնունդը: Մ. Մելքոնեանը անգամ մը եւս իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց նախորդ տարի SHAMSHYAN.com-ին հրապարակած նիւթին համար, որովհետեւ անոր արդիւնքով կառավարութեան, մարզպետարանի, գիւղապետարանի ու բարերարներու օգնութեամբ լուծուեցաւ իրենց բազմանդամ ընտանիքին բնակարանի վերանորոգման, ինչպէս նաեւ այլ կենցաղային հարցերը

SHAMSHYAN.com-ը կը մաղթէ փոքրիկին քաջառողջութիւն, անհոգ մանկութիւն եւ լուսաւոր ապագայ ազատ ու անկախ Հայաստանի մէջ: Նախապէս Այգաւանէն յայտնած էր մամլոյ լուսանկարիչ Գ. Շամշեանը, թէ 2015 թուականի Մարտ 30-ին Արարատի մարզի Այգաւան գիւղի բնակիչ ամուսիններ՝ 41-ամեայ Մարտիկ Մելքոնեանն ու 39-ամեայ Անժելա Մելքոնեանը իրեց 13-րդ զաւակը ունեցեր են: Ընտանիքը տնտեսապէս անապահով է: Մեծ տղան՝ Պաղտասարը, որ այն ժամանակ 20 տարեկան էր, ծառայեր է հայոց բանակին: Երկրորդ երեխան 18-ամեայ Բաւականն է, յետոյ՝ 16-ամեայ Շուշանը, 14-ամեայ Դանիէլը, 13-ամեայ Սաթենիկը, 12-ամեայ Մարիամը, 11-ամեայ Նազելին, 8-ամեայ Սառան, 6-ամեայ Արմինէն, 5-ամեայ Եսթերը, 3-ամեայ Սամուէլը, 2-ամեայ Մելինէն, իսկ այդ օրը ծնած աղջնակը կոչեր են Աննա: Մամլոյ լուսանկարիչին հետ զրոյցի ընթացքին Մարտիկին մայրը՝ 82-ամեայ Բաւականը, յայտնած էր, որ ինք կը ստանայ ընդամէնը 34,000 դրամ թոշակ: Մարտիկը՝ 16,000 դրամ թոշակ եւ 3-րդ կարգի հաշմանդամ է: Ընտանիքը որպէս նպաստ կը ստանայ 99,500 դրամ, իսկ այդ գումարով չեն կրնար հոգալ երեխաներուն ապրուստը: Ընտանիքը ունի 5 դպրոցական: Ընտանիքը չունէր նոյնիսկ կենցաղային անհրաժեշտութեան պարագաները: Իսկ Մելքոնեաններուն զինուոր որդին զանգահարեր էր հօրը եւ ըսեր. «Լուրը զօրամասին մէջ մեծ իրարանցում առաջացուց, եւ սպայական կազմն ու զինուորները՝ բոլորը, կը շնորհաւորեն մեզ, իսկ հրամանատարը խոստացաւ, որ 7 օրով արձակուրդի պիտի ուղարկէ զիս եւ նոյնիսկ պիտի հոգայ ճանապարհածախսը: Ես հպարտ եմ, որ կը ծառայեմ Հայոց բանակին, պա՛պ ճան, զինուոր ընկերներս ալ հրամանատարներու հետ թեւ ու թիկունք են ինծի»: Մամլոյ լուսանկարիչին հետ զրոյցի ընթացքին Արարատի մարզպետ Ռուբիկ Աբրահամեանը յայտներ էր, որ յառաջիկային կառավարութիւնը գումար պիտի յատկացնէ ընտանիքին, եւ բացի այդ գումարէն, մարզպետարանը իր ուշադրութեան առարկան պիտի դարձնէ եւ հնարաւորութեան սահմաններուն մէջ պիտի օգնէ իրենց:

Լուսանկարը՝ Գագիկ Շամշեանի


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.