Մարտակերտէն 180 Քաղաքացիներ Կ՚ապաստանին Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Շուշիի Ճամբարին Մէջ
Բըրէմըս, Նիւ Ճըրզի – Վերջերս տեղի ունեցող ռմբակոծումները, Ղարաբաղի Մատաղիսի եւ Մարտակերտի շրջաններու խաղաղ բնակավայրերուն հասցուցած են հսկայական վնասներ։ Բնակարաններ, գործատուներ եւ համայնքային կեդրոններ լրիւ կամ մասնակի փլուզումի եւ աւերումի ենթարկուած են։ Մարտակերտի շրջանի մեր ազգակիցներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար, կիներ ու մանուկներ տեղահանուած են, մինչ այրեր եւ չափահաս տղամարդիկ մնացած են սահմանային գօտիին վրայ պաշտպանելու Հայրենիքի սահմանները։ Տեղահանուած ժողովուրդէն ոմանց Ղարաբաղի կառավարութիւնը ժամանակաւոր կացարան տրամադրած է Ստեփանակերտի մէջ, մինչ ուրիշներ ապաստանած են Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Շուշիի Պետրոսեան Ճամբարին մէջ, մինչեւ անվտանգութեան հաստատումը իրենց բնակավայրերուն մէջ։
Ներկայիս ԱՀԱԸ-ի Պետրոսեան ճամբարին մէջ հաստատուած են շուրջ 180 անձեր (որոնց շուրջ 120-ը մանուկներ եւ պատանիներ) Մարտակերտի շրջանի Մարաղա, Կարմիրավան, Մատաղիս, Մաղավուզ եւ Հոռաթաղ բնակավայրերէն։ Ճամբարին մէջ հաստատուած մեր ազգակիցներուն ԱՀԱԸ-ը կը հայթայթէ սնունդ, ապաստան եւ կը կազմակերպէ ճամբարային ծրագիր մանուկներուն համար։
«Մինչ Ղարաբաղի քաջարի բնակիչները կը պաշտպանեն հայրենիքը, մեր անսակարկ պարտքն ու պարտաւորութիւնն է օգնութեան ձեռք երկարել անոնց։ ԱՀԱԸ-ը, այլ օժանդակութիւններու կողքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տրամադրութեան տակ կը դնէ տարածքին մէջ գտնուող իր կեդրոնները՝ տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն ապահովելու համար անվտանգութիւն եւ ժամանակաւոր յարմարաւետ ապաստանարան» ըսաւ Զաւէն Խանճեան, ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէնը։
Յաւելեալ տեղեկութեան եւ ձեր աջակցութեան համար կրնաք կապ պահել ԱՀԱԸ-ի հետ հեռախօսով 201.265.2607 կամ ի-մէյլով info@amaa.org.