Թրքական կազմակերպութիւն մը Օթթաուայի գլխաւոր թերթին մէջ հակահայ կոչ մը կը հրատարակէ
Թուրք-գանատացիներու Խորհուրդը Կ’ոգեկոչէ Յիշատակը Օսմանեան-Հայկական Հակամարտութեան Բոլոր Զոհերուն
Ապրիլ 27-ին, Թուրք-գանատացիներու խորհուրդը (Council of Turkish Canadians) վճարովի յայտարարութիւն մը հրատարակած է Գանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի ամէնէն տարածուն թերթին՝ Ottawa Citizen-ի մէջ։ Վերջին տարիներուն, նման մոլորեցնող յայտարարութիւններով եւ կոչերով թրքական շարք մը կազմակերպութիւններ կը փորձեն պղտորել գանատացի հասարակութեան միտքը։ Յայտարո.ւթեան մէջ գրուած է.
«Այս տարի անգամ մը եւս տխրութեամբ եւ յարգանքով կը յիշենք Համաշխարհային Առաջին պատերազմի ընթացքին Օսմանեան-Հայկական հակամարտութեան զոհերը։ Իբրեւ գանատացիներ կը կանգնինք ճշմարտութեան եւ հաշտութեան կողքին։
«Հակամարտութիւնը սկիզբ առաւ‚ երբ հայկական ազգայնական խմբաւորումներ (դաշնակցականներ եւ հնչակեաններ) ըմբոստացան Օսմանեան կայսրութեան դէմ‚ արեւելեան Անատոլուի մէջ գործակցելով ու միանալով ռուսական բանակին։ Գերագոյն դաւաճանութեան այս արարքը՝ պատճառ դարձաւ պատերազմի շրջանէն հայերու տեղափոխման։ Այս տեղափոխումը ինքնապաշտպանութեան նպատակով զինուորական քայլ մըն էր։ Տեղափոխման ընթացքին արձանագրուած մահերուն մեծամասնութիւնը արդիւնք էր սովի‚ համաճարակներու‚ մերթ ընդ մերթ բախումներու եւ պատերազմի վատ պայմաններու մէջ իշխանութեան քայքայման։ Այդ ահաւոր պայմաններուն մէջ‚ աւազակներ եւ սեփական խմբակներ ջարդեր գործեցին։ Երկու կողմերն ալ՝ հայերն ու ոչ հայերը հաւասարապէս ահաւոր տառապանքներ կրեցին։
«Այս ողբերգութիւնը կարելի չէ նկատել ցեղասպանութիւն մը‚ կարծէք ազգային միայն մէկ խմբակ վնասուած ըլլար։
«Ցեղասպանութեան պնդումները կը հաստատեն 1948-ի ՄԱԿ-ի ցեղասպանութեան ուխտի մէջ նշուած արժէչափերը։
«Հայկական պնդումները վերջերս հերքուեցան Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին եւ Ֆրանսայի սահմանադրական դատարանին կողմէ։
Վերջին տարիներուն օրէնսդիր մարմիններ ենթարկուած են քաղաքական ճնշումներու՝ աղաւաղելու համար պատմութիւնը եւ ընդունելի հայկական պատմութիւնը։ Ժողովրդավարութիւններու մէջ‚ խորհդրարանները չեն կրնար արդարադատութեան պաշտօնը ստանձնել։ Պատմութիւնը չի կրնար քաղաքական բեմահարթակներու վրայ վերախմբագրուիլ։ Պետութիւն մը եւ ժողովուրդ մը առանց իրաւական վճիռի անարդար կերպով մարդկութեան դէմ ամէնէն լուրջ յանցագործութեամբ ամբաստանելը կը հակասէ արդարութեան գանատական սկզբունքին։
Թուրք-գանատացիներու խորհուրդը կը կանգնի ճշմարտութեան եւ հաշտութեան‚ միացեալ ապաքինման եւ արդարութեան կողքին։ Կը հաւատանք‚ որ այս է Օսմանեան-Հայկական հակամարտութեան զոհերը յիշելու լաւագոյն ձեւը»։
Թուրք-գանատացիներու Խորհուրդ