Հատուցման հանգրուանի սեմին


Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն ետք, երբ հայկական կողմը պահանջատիրութեան իր չափակշիռքի նժարը ծանրացուց հատուցման հարցով, թրքական կողմը դիմեց ծաւալուն հակաքարոզչական գործընթացի, որուն ծիրէն ներս ամենէն ցայտուն օրինակներն էին ակադեմական մակարդակի վրայ պատմութիւնը խեղաթիւրելու Անգարայի ճիգերը։

Այսօր, յստակօրէն սկսած է ուրուագծուիլ թրքական կողմի հակաքարոզչական պայքարի մարտավարութիւնը, որ ներկայ դրութեամբ կ՚ընթանայ հետեւեալ ուղղութիւններով.

Ա.- Պատմութեան նենգափոխման նպատակաուղղւած գիտաժողովներու կազմակերպումն ու պատմական կեղծիքներու վրայ հիմնուած ուսումնասիրութիւններու հրատարակումը։

Բ- Հայկական պատմամշակութային արժէքներու հանդէպ անցնող տասնամեակներուն գործադրուած քանդումի ու աւերումի իրողութիւնները ծածկելու եւ եւրոպական ընտանիքէն լաւ վարկանիշ ստանալու նախանձախնդրութեամբ՝ հայկական կարգ մը յուշարձաններու վերանորոգումն ու անոնց հանդէպ «հոգածութիւնը»։

Գ- Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւական հարցերուն շուրջ հարցականներ ու շփոթ յառաջացնելու միտումով՝ միջազգային իրաւական ատեաններու սեղանին վրայ հարցը օրակարգի վերածելու փորձերը։Վերոյիշեալ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար, առաջին հերթին, թրքական ուրացման հետեւողական քաղաքականութեան դէմ ուժգնութեամբ հակադարձելու ստիպողութեան տակ կը գտնուինք այսօր։

Ճիշդ է, որ անկիւնադարձային այս հանգրուանին, քարոզչական առճակատումը անհաւասար ուժերով պիտի ընթանայ, սակայն կը գիտակցինք նաեւ, որ վերջին տարիներու Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով միջազգային գետնի վրայ արձանագրուած յաջողութիւնները այն յոյսը կը ներշնչեն, որ ուժերու համատեղ գերլարումով, ի վերջոյ ցեղասպանի ժառանգներուն պիտի պարտադրենք հայութեան հետ հաշուի նստիլ հատուցման սեղանին շուրջ։

Ուրացման քաղաքականութիւնը կը շարունակուի նաեւ հո՛ս գանատայի մէջ, ուր Անգարա լծուած է տենդագին աշխատանքի՝ վարկազրկելու կամ վերստին քննարկման ենթարկելու գանատական օրէնսդիր մարմիններու կողմէ վերջին տարիներուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած օրէնսդրական բանաձեւեր:

Թրքական կողմը չի վարանիր նաեւ վերջին տարիներուն վարձկան ցուցարարներով հակադարձելու Օթթաուայի մէջ տասնամեակներէ ի վեր կայացող Ապրիլ 24-ի հայկական կողմի ժողովրդային հաւաքին, որուն զուգահեռ կը շարունակէ վարձկան գանատացի ակադեմականներու միջոցով խեղաթիւրել պատմական իրողութիւնները:

Հայութեան դէմ գործադրուած անարդարութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ, պետական մակարդակով յանցագործութիւն իրագործած Օսմանեան Թուրքիոյ իրաւայաջորդները, բարոյական հատուցման պարտաւորութիւններու կողքին, ունին նաեւ բռնագրաւուած հողային տարածքները հայութեան վերադարձնելու պարտաւորութիւնը։ 

Հատուցման հանգրուանը սկսած է. պատրաստ ըլլանք այս  վերջին առճակատման եւ մարտահրաւէրին։

Հայ ժողովուրդի պահանջատիրական երթը թեւակոխած է նոր հանգրուան։ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը այլեւս դուրս եկած է հայ-թրքական աւանդական շրջագիծէն եւ վերածուած է աշխարհաքաղաքական գործօնի։ Գիտակցի՛նք պահուան կարեւորութեան եւ համախումբ շարքերով շարունակենք պայքարը, համայն աշխարհին յիշեցնելով, որ մարդկութեան պատմութեան տոմարներուն մէջ արձանագրուած այս սեւ խոցը կարելի է բուժել միայն ու միայն հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերականգնումով ու հատուցումով։  

«ՀՈՐԻԶՈՆ»

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.