Գանատահայութիւնը պահանջատիրութեան իր ձայնը բարձրացուց Օթթաուայի մէջ


Ապրիլ 24, 2016-ին, Թորոնթոյէն, Գէմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սէնթ Գաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանեցին աւելի քան 4000 հայորդիներ եւ Գանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը: Հաւաքին իրենց պետական դրօշները պարզած միացան ասորական, քրտական, ռուանտական եւ պոնտական պատուիրակութիւններու անդամները, որոնք Օթթաուա ժամանած էին իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու հայութեան։ Հաւաքն ու քայլարշաւը կազմակերպուած էին Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ։

Օթթաուայի ոստիկանութիւնը, այս տարի եւս թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն արտօնագիր տուած էր, որպէսզի անոնք Գանատայի Խորհրդարանին դիմաց իրենց հաւաքը կատարեն գրեթէ միեւնոյն պահուն, երբ գանատահայերը կը կատարեն Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման ամենամեայ աւանդական արարողութիւնը: Հայ եւ թուրք համայնքները իրարմէ բաժնուած էին յատուկ անցարգել մետաղեայ պատնէշներով: Հաւաքին ներկայ էին Ռուսաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի դեսպանատուներու ներկայացուցիչները:

Օրուան հանդիսավար Արարատ Թորոսեան իր բացման խօսքով յայտնեց, թէ Թուրքիա այսօր եւս, ժխտողական իր քաղաքականութեամբ կը շարունակէ եւ կը կրկնէ Ցեղասպանութեան գործընթացը: Ան իր խոսքին մէջ դատապարտեց նաեւ Արցախի խաղաղ բնակչութեան հանդէպ Ատրպէյճանի գործադրած բարբարոսութիւնները: 

Խօսք առաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Արմէն Եգանեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի իշխանութիւններուն, որոնք հայութեան իրաւունքներուն եւ համաշխարհային առումով մարդկային իրաւանց պաշտպան կը հանդիսանան։ Ան նաեւ բուռն կերպով դատապարտեց Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը եւ յայտնեց, թէ նման ուրացումներ կրնան առաջնորդել այլ ցեղասպանութիւններու գործադրման ու անպատժելիութեան:

Իշխող Ազատական կուսակցութեան կողմէ խօսք առաւ Ֆայսալ Խուրի, որ յատնեց, թէ Գանատայի Ազատական կուսակցութիւնը միշտ զօրավիգ կանգնած է հայութեան արդար դատին։ Ան նաեւ ընթերցեց Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակի առիթով հրապարակած ուղերձը, ուր վարչապետը կը վերահաստատէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու Գանատայի պետական քաղաքականութիւնը:

Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ հայ ժո՛ղովուրդին զօրակցութեան խօսք արտասանեց խորհրդարանի անդամ Նիքի Աշթըն, իսկ ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման զօրակցութեան կոչը ընթերցեց օրուան հանդիսավար Արարատ Թորոսեան: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ռուանտական ցեղասպանութենէն վերապրող Օսքար Կասանա, որ հաստատեց, թէ անցեալի ցեղասպանութեանց ուրացումները կ՚առաջնորդեն նոր ցեղասպանութիւններու:

 Խորհրդարանի դիմաց հաւաքի աւարտէն ետք 4000 հայորդիներ ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր 300 թուրք ցուցարարները, հակահայ պաստառներով կանգնած էին: Ոստիկաններո ստուար թիւ մը եւ անցարգել պատնէշներ կը բաժնէին ցուցարար երկու կողմերը: Հակառակ թրքական կողմի գրգռիչ փորձերուն, հայկական կողմը շարունակեց դեսպանատան դիմաց ոգեկոչման արարողութիւնը, որու ընթացքին ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) կազմակերպութեամբ կայացաւ յայտագիր, որու ընթացքին հայ երիտասարդները հաստատեցին պահանջատիրական երթը շարունակելու  նոր սերունդի վճռակամութիւնը: 

 Նշենք, որ առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն այցելեցին ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան անդամները, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք Առաջնորդ սրբազան Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Հայրապետական ներկայացուցիչ Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի եւ դեսպան Արմէն Եգանեանի հետ, դեսպանատան «Յաւերժական Հայաստան» յուշարձանին մօտ աղօթքով ոգեկոչեցին Մեծ Եղեռնի 100-ամեակը: 

(Լուսանկարը Իշխան Ղազարեանի)


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.