Թուրքիոյ Լոպիիստները Կը Ձգտին Ամերիկեան Օժանդակութեան՝ Փոքրիկ Հայաստանը կոչելով Մեծ Սպառնալիք Մը


Աքպար Շահիտ Ահմետ եւ Նիք Պաուման huffingtonpost.com կայքին վրայ տեղադրուած իրենց յօդուածին մէջ կը գրեն‚ լոպիիական ընկերութիւն մը‚ որ թրքական կառավարութեան կը ծառայէ‚ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան նախօրեակին փորձարկած է նոր պնդում մը՝ ռուսերը կու գան‚ իսկ Հայաստան անոնց կ’օժանդակէ։

Քափիթըլ Հիլէն երկու օգնականներու համաձայն‚ Mercury LLC ընկերութենէն ներկայացուցիչներ կապ հաստատած են քոնկրեսականներու գրասենեակներու հետ՝ պնդելով‚ որ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ ներկայութիւնը ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու մերձեցումը կը դարձնէ հրամայական։

Օգնականներէն մէկը The Huffington Post-ին յայտնած է‚ թէ Mercury‚ որ Դեկտեմբերին արձանագրուած է իբրեւ Թուրքիոյ հաշւոյն գործող ընկերութիւն‚ կը յուսայ ամերիկացի օրէնսդիրները համոզել միանալու երկու անջատ փաստաթուղթերու։

Առաջին փաստաթուղթը յղուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի եւ կը կեդրոնանայ «Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ հետզհետէ աճող զինուորական դաշնակցութեան» վրայ։ Փաստաթուղթը ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնը կը նկատէ «խորապէս մտահոգիչ»։

Երկրորդ փաստաթուղթը այսպէս կոչուած «Սիրելի գործընկեր» նամակ մըն է‚ որուն միտք բանին զայն մէկ քոնկրեսականէն միւսին փոխանցելն է քոնկրեսական աջակցութիւնը աճեցնելու նպատակով։

Փաստաթուղթը Թուրքիոյ անունը չի նշեր‚ սակայն կը յայտնէ, «Մեր դաշնակիցներուն կողքին կանքնելու պահը հիմա է»։ Անիկա նաեւ կը քաջալերէ կարդալու ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի նախկին օգնական Ճէյմս Ֆոլիի յօդուածը‚ որ ՕԹԱՆ-ի դէմ ռուսական յարձակումը կ’ընդգծէ եւ կը պնդէ‚ որ Թուրքիան Դաշինքի անվտանգութեան համար աւելի կարեւոր է քան երբեւիցէ։ Ֆոլի 2009-2012 թուականներուն Խրուաթիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանն էր եւ իրաքցի գաղթականներու հարցով Պուշի վարչակազմի երեց համակարգող։

Mercury պարթերաթերթին փոխանցած է «Յառաջդիմութեան համար թրքական հիմնարկ» կոչուած կազմակերպութեան մը կողմէ յայտարարութիւն մը։ Հիմնարկի տնօրէն Տերիա Թաշքըն կ’ըսէ. «Յառաջդիմութեան թրքական հիմնարկը‚ ամերիկացի անվտանգութեան մասնագէտներ եւ պաշտօնատարներ Հայաստանին կոչ կ’ուղղեն փակելու Հայաստանի մէջ գտնուող ռուսական երկու ռազմակայանները եւ խզելու Փութինի Ռուսիոյ հետ իր զինուորական կապերը։ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ զինուորական սերտ յարաբերութիւնները ինքնին խօսուն է»։

Mercury-էն Ճոն Քփին ե-նամակի մը մէջ յայտնած է‚ որ Mercury կը գործէ յանուն վերոնշեալ թրքական հիմնարկին‚ որ կառավարական ֆինանսաւորում չի ստանար։

Տակաւին շատ կանուխ է լոպիական այս ջանքին ազդեցութիւնը կրահելու‚ սակայն բազմաթիւ ամերիկացի օրէնսդիրներ կասկածով կը դիտեն Փութինը 2008-ին Վրաստանի դէմ եւ 2014-ին Ուքրանիոյ դէմ իր կատարած յարձակումներուն պատճառով։ Սակայն մասնագէտներու համար Փութինի Հայաստանի մօտիկ ըլլալը եւ օդային տարածքի բռնաբարման շուրջ թուրք-ռուսական վէճը յայտնութիւն մը չէ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.