Արմենակ Ուրֆանեան. Զինուորը եղբօր պէս սիրող հրամանատարը
1727
0
-Մա՛մ, բան մը ըսեմ՝ տուն կու գամ, «չեպէ» ըրեր եմ, ինծի զօրքէն արձակեցին:
Վերջին անգամ ապրիլմէկեան այս կատակով մօր հետ խօսած է 4-րդ հրաձգային վաշտի հրամանատար Արմենակ Ուրֆանեանը: Մի քանի ժամ ետք Ուրֆանեանն ու իր անձնակազմը մարտի պիտի բռնուէին հակառակորդին հետ:
Ապրիլի 2-ի առտուան դէմ Ղարաբաղ-Ատրպէյճան հակամարտ զօրքերու շփման գիծի երկայնքով հակառակորդին ձեռնարկած յարձակման առաջին թիրախներէն մէկը հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած խրամատի տղաներն էին: Արմենակ Ուրֆանեանն ու իր անձնակազմը յաջողեցան երկու անգամ ետ մղել հակառակորդը, բայց թշնամիին երրորդ փորձը իր հետ բերաւ ուժերու գերազանցող ճնշում:
Հասկնալով ուժերու եւ տուեալ պահին առկայ զինուորական անհաւասար սարքաւորմամբ պայքարին յաջորդող չարիքը` Ուրֆանեանը անձնակազմին կը հրամայէ ետ քաշուիլ`միայնակ շարունակելով մարտն ու խոցելով թշնամիի մէկ հրասայլ, մէկ տասնեակէ աւելի զինուոր: Յետոյ, գիտակցելով մօտալուտ վտանգը, արդէն վիրաւոր հրամանատարը վերջին նռնակով, իր հետ միասին, կը պայթեցնէ զինք շրջապատել փորձող հակառակորդն ու յանձն կ’առնէ կեանքի գնով թշնամիին առջեւ փակել Մարտակերտի «դուռը»:
«Զօրացրուեցաւ ու տուն եկաւ՝ որպէս հերոս՝ յետմահու պարգեւատրուելով «Մարտական ծառայութեան» մետալով ու յաւերժ մնալով բանակի տղան. երբ կ’ըսէի՝ «Տղա՛ս, անհանգիստ եմ», խիստ ձայնով կ’ուղղէր զիս՝ «Մա՛մ, արդէն քու տղադ չեմ, բանակի տղան եմ, անհանգստանալու կարիք չկայ»», կը պատմէ Ուրֆանեանի մայրը՝ կուլ տալով խոր ցաւով ու հպարտութեամբ լեցուած արցունքներն ու կ’աւելցնէ. «Այնքան վստահ էի, որ անոր ոչինչ պէտք է պատահի: Արմէնը շատ պատրաստուած էր, ու շատ լաւ զինուորներ ունէր»:
Հայրենասէր, ընկերասէր, մարդամօտ, միշտ լաւատես, անվախ ու շատ կատակասէր. զինք այսպէս կը բնութագրեն մերօրեայ հերոսին ընկերներն ու մտերիմները:
«Մարտակերտի մէջ տպաւորուած էին, թէ Արմէնը բոլորը պաշտպանելու համար ծնած էր: Հրամանատարին համար բոլորը հաւասար էին ու, չնայած իր դիրքին, բոլորին հետ կը վերաբերէր որպէս եղբայր: Առանց կոնֆետի դիրք չէր բարձրանար: Կը յիշեմ, վերջին անգամ, երբ անոր հետ մարտական հերթափոխի էինք, զինուորներէն մէկուն քունը կը տանէր, հրամանատարը չթողեց, որ այդպէս դիրքի վրայ կանգնի` երկժամեայ հերթափոխման անձամբ ստանձնելով շարքային զինուորի դերը», կը պատմէ ծառայակից ընկերներէն Նարեկը:
Հրամանատար Արմենակ Ուրֆանեանը երկու անգամ ընտրուած է «Վաշտի լաւագոյն հրամանատար», ստացած է շարք մը պատուոյ գիրեր ու խրախուսական մրցանակներ, բայց անոնց մեծ մասը այսօր տունը չեն:
«Թուղթերու հանդէպ միշտ անփոյթ էր: Մէկ անգամ ալ իր հրամանատարին ըսեր էր՝ «Պատերազմը թուղթի մէջ չէ, պատերազմը դիրքերուն մէջ է»», կ’ըսէ մայրը եւ կը յիշէ Քեարամ Սլոյեանը՝ «չորսօրեայ պատերազմի» միւս հերոսը, որ, չնայած հրամանատարի հրամանին, մնացած էր խրամատին մէջ.
«Սիրտս որքան կը մղկտայ Քեարամիս համար. Քեարամը Արմէնիս կողքին մնացեր է, ըսեր է՝ «Քեզի մինակ չե՛մ թողեր, չե՛մ երթար»…: Հաւատարիմ զինուոր է: Փոքր տղաս որոշեր է երթալ անոր ծնողքին եւ շնորհակալութիւն յայտնել, իրենց զաւակին հերոսական ու անձնուէր քայլին համար: Արմէնս միշտ կ’ըսէր՝ «Զինուորը պէտք է սիրես, քու ամենամեծ ուժդ՝ գնահատուած ու յանձնառու զինուորն է»: Իր տղաքը շատ կը սիրէր: Առհասարակ քչախօս էր, իսկ գործունէութեան մասին ընդհանրապէս չէր խօսեր. միակ բանը, զոր լսէինք, իր զինուորներու գովքն էր»:
Արմենակ Ուրֆանեան ուսանած է Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանին մէջ՝ մոտոհրաձգային վաշտին մէջ: Մօր պատմութիւններուն շնորհիւ, մեծ սէր ու հետաքրքրութիւն ունեցած է սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի եւ անոր գործունէութեան հանդէպ, եւ որ յետագային դարձեր է հրամանատարին իտէալը:
Ութերորդ դասարանէն արդէն որոշեր է զինուորական դառնալ: Մայրը չկրցաւ մտաբերել՝ ինչպէ՞ս ծնաւ ռազմական ասպարէզի հանդէպ սէրը, բայց մէկ բանէ վստահ էր՝ Արմենակ Ուրֆանեանը սիրեց իր ասպարէզը եւ անով ապրեցաւ՝ զայն համարելով սուրբ պարտք Հայրենիքի հանդէպ:
«Մենք կ’ապրէինք Սէնթ Փեթերսպուրկ: Ամէն անգամ, երբ կ’անցնէինք ռազմական ուսումնարանի շէնքի մը քովէն, Արմէնը ետ կը մնար եւ քննախոյզ հայեացքով կը զննէր, յետոյ կ’ըսէր. «Այստեղ պիտի յաճախեմ»: Անգամ մըն ալ, երբ փոքր էր, միայնակ գացեր ու համաձայներ էր ռազմական վարժարանի աշխատակիցին հետ, թէ այնտեղ պիտի ուսանի:
Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարան յաճախող դրացի մը ունէինք՝ Հայկը: Մինչ իր ընդունուիլը, ամէն անգամ, երբ Հայկը արձակուրդի կու գար, Արմէնը կը վազէր իրենց տունը՝ մասնագիտութեան վերաբերեալ հարցուփորձելու», կը պատմէ մայրը:
Համալսարանը աւարտելէ ետք Ուրֆանեան կը մեկնի Մարտակերտ՝ ծառայութեան: Որոշեր էր, եթէ Արցախ չուղարկեն, նախարարէն անձամբ նամակով պիտի խնդրէր, որ ծառայութիւնը այնտեղէն սկսի:
«Մեծ սիրտ ունէր: Այնքան մեծ, որ ողջ Մարտակերտը կրցաւ առնել իր սրտին մէջ», կ’ըսէ մայրը ու կրկին սրբելով արցունքները՝ ցոյց կու տայ զաւակին լուսանկարը. «Տե՛ս՝ ի՛նչ հերոս տղայ ունիմ»:
Ուրֆանեանի մօր՝ տիկին Համեստի հետ հանդիպման առաջին իսկ վայրկեանէն ակնյայտ է հերոսի մայր ըլլալու հպարտ զգացումի ու բարձր պատասխանատուութեան գիտակցումը: Ամէն անգամ, տղուն անունը տալով, կը մաքրէ արցունքները եւ Արմենակին մասին կը խօսի ներկայ ժամանակով՝ փորձելով իր ներսիդին խեղդել կորուստի աննկարագրելի ցաւը:
Արմենակ Ուրֆանեան վերջերս նշանուեր էր: Որոշեր էր՝ հարսանիքը պիտի ընէր իր սիրելիին՝ Գոհարիկին, ծննդեան օրը: Երազանքը պարզ էր՝ սեփական փոքրիկ տուն ունենալ, ուր ճաշի սեղանին միշտ հինգ ափսէ դրուէր՝ իր, սիրելի կնոջ եւ երեք երեխաներուն համար, որոնցմէ երկուքը պէտք է տղայ ըլլային, մեծը`զինուորական: Հրամանատարը վստահ էր՝ թշնամիին դէմ, զէնքէն բացի, նաեւ օրօրոցով պէտք է կռուիլ՝ հայրենիքին նուիրուած ու քաջ զաւակներ մեծցնելով:
«Անգամ մը ըսի՝ «ազի՛զ բալաս», չէք կրնար պատկերացնել, թէ որքա՛ն զայրացաւ՝ «ազիզը թուրքի բառ է, մա՛մ, ինծի ա՛լ ազիզ չըսես եւ ո՛չ մէկուն այդ բառով չդիմես»: Հունէն դուրս կու գար ու կ’ընդվզէր, երբ իր ընկերները թուրքի գնդակով կը զոհուէին: Անոր համար ալ, երեք ժամ կռիւ մղելէ ետք, այդ քայլին գնաց, որ յանկարծ թուրքի ձեռքը իրեն «չհասնի»…:
Վերջին անգամ Սուրբ Յարութեան տօնին մէկ օրով տուն եկաւ: Գիշերը չքնացաւ, որ մեզի հետ անցընէ ժամանակը. կ’ըսէր՝ «քնանալով ժամանակը ի զուր կը կորսնցնեմ»:
Խրամատին մէջ ալ հրամանատար Ուրֆանեան փորձեց ի զուր ժամանակ չկորսնցնել` արագ կողմնորոշուեցաւ ու իր հերոսութեան շնորհիւ կանխեց թէ՛ ծառայակից ընկերներէն երեքին մահը, թէ՛ հակառակորդին ծրագիրը:
«Տղաս մէկ բան կ’ըսէր՝ «Հայի անունը լսելով՝ թուրքը միշտ պէտք է ահ ու սարսափ ապրի»: Այդ գիտակցումը պէտք է բոլորս ունենանք: Իւրաքանչիւր տղայ պէտք է իր պարտքը կատարէ հայրենիքին հանդէպ: Փոքր տղաս, նախքան բանակ երթալը, կ’ըսէր, թէ պիտի չծառայէ, կ’ըսէի. «Տե՛ս՝ ոնց կը ծառայես, դուն Ղարաբաղ երթալու ես»: Այդպէս ալ եղաւ. Ասկերանի մէջ ծառայեց ու սահման պահեց: Ամէն մայր այդ գաղափարով պէտք է սնանէ իր որդին՝ մենք ուրիշ ելք չունինք: Հիմա ես պատրաստ եմ երթալու առաջնագիծ ու կանգնելու մեր զինուորներուն կողքին: Ես մայր եմ, որդի կորսնցուցեր եմ, որուն համար միշտ կը մղկտամ ու կը ցաւիմ, բայց կը գիտակցիմ, որ այս պատերազմ է, կռիւ՝ յանուն մայր հողի: Պատերազմ, որուն ընթացքին մենք կրկին տեսանք թշնամիին ցեղասպան ձեռագիրը: Այդքանէն յետոյ կը հասկնամ` կանգ առնելու իրաւունք չունինք: Մեր հողէն մոլախոտը միայն պոկելով հարցին լուծում չենք տար. պէտք է զայն արմատախիլ ընենք, որ հայ ժողովուրդը ա՛լ ցաւ ու արիւն չտեսնէ, հակառակորդը հասկնայ, որ հայու հողին մօտենալ կարելի չէ: Փա՛ռք Աստուծոյ, մենք վախկոտ ազգ չենք, մեր տղաքը թուրքի նման չեն, որ ամէն պահ վախնան ու ետ քաշուին: Այս խնդիրին լուծում է պէտք, որուն համար ամէն ոք իր մեծ ու կարեւոր դերը ունի»:
Պատէն կախուած զաւակին համազգեստը շտկելով՝ հերոսին մայրը կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս թէյքուանտոյի եռակի ախոյեանը, ամէն անգամ, մրցումի երթալէն առաջ, տատիկին «կը հրահանգէր»` պատին վրայ քամ մը եւս ամրացնել, որ վերադարձին նոր մետալով զարդարէ զայն:
Յետոյ մայրը կը նայի նկարին մէջ ժպտացող հերոսին ու կրտսեր որդիին հետ կը հաստատէ. «Արմենակ Ուրֆանեանի հայրենասիրութիւնն ու հպարտութիւնը պէտք է առաջնորեն մեզ՝ մեր կեանքի ընթացքին, իսկ անոր անօրինակ հերոսութիւնը դառնայ պատգամ` նոյնիսկ կեանքի գնով կանխելու թշնամին…»:
Սիրանուշ Եղիազարեան
Mediamax