ԻՆՉ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ ԶԻՆԵԼ ԲԱՆԱԿԸ


«Մենք պէտք է համախմբուենք ու օգնենք իրար: Բոլոր աւելորդ յօդուածները բիւջէից պէտք է հանենք: Օրինակ դպրոցաշինութիւնը այն գիւղերում, որտեղ նոյնիսկ մարդիկ չկան: Բոլոր հնարաւոր միջոցները՝ բանակի՛ն: Իսկ նրանց, ովքեր երբեւէ բիւջէից թէկուզ մի կոպէկ են գողացել՝ պէտք է դատենք: Եթէ պարզուի, որ ես էլ եմ գողացել, ինձ էլ կը դատեն», կ՚ըսէ ՀՀ Ազգային Ժողովի Տնտեսութեան Հարցերով Մշտական Յանձնաժողովի Նախագահ՝ Պր. Վարդան Այվազեանը:

Առաջին տպաւորութեամբ՝ իր հայրենասիրական զգացումներով և անձնուրացութեամբ փայլող այս յայտարարութիւնը այնուամենայնիւ անհանգստութեան կը մատնէ մեզ…Վարդան Այվազեան չի վարանիր ազգային պիւտճէի կրճատման իր առաջին զոհը փնտռելու…դպրոցաշինութեան մէջ և կ՚աւելցնէ «այն գիւղերում, որտեղ նոյնիսկ մարդիկ չկան»…

Մարդիկ չկա՞ն…Ես քանիցս անցած եմ մեր երկրի այդ չքնաղ և տևապէս զրկեալ գիւղերէն, ուրկէ մարդիկ հարկադրաբար դուրս կու գան, քանի որ անցնող քսան հինգ տարիներու ընթացքին պետութիւնը անտեսած է զիրենք. պետութիւնը լքած է զիրենք. պետութիւնը մերժած է նուազագոյն չափով արդիականացնելու գիւղերու ենթակառոյցները սկսելով անոնց դպրոցներէն, բայց այդ դպրոցներէն հասած տղաքը — որոնք այսօր մեր հերոսներն են — պետութիւնը անվարան տարած է զինուորական պարտադիր ծառայութեան։

Ոչ, Պր. Այվազեան։ Բանակի սպարազինման համար անհրաժեշտ գումարները նախ և առաջ պէտք է գոյանան այն իսկ հարկերէն, որոնցմէ ցարդ կրցած են յաջողապէս խուսափիլ երկրի մենաշնորհային համակարգի շահատէրերը։ Մեր անկախութեան առաջին տարիներուն, երկրի հարստութիւնը ոչինչ փոխարժէքի դիմաց իւրացուեցաւ բուռ մը մարդոց կողմէ, որոնք քսան հինգ տարի շարունակ շահագործեցին զայն։ Այդ մարդոց ինքնութիւնը յայտնի է ձեզի։ Ես վստահ եմ, որ պետութիւնը գիտէ, թէ ովքե՞ր են անոնք։ Մեծ գումարները հոն է, որ կը գտնուին։ Գործը հոնկէ է, որ պէտք է սկսի։ Հանգիստ ձգեցէք դպրոցաշինութեան վտիտ պիւտճէն։

Կարօ Արմենեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.