Կամաւոր Կիներու Ջոկատ Կազմելու Նախաձեռնութիւն
ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».– Ազգային ժողովի պատգամաւոր, վերակազմեալ ՍԴՀԿի ատենապետ Լիւդմիլա Սարգսեանը 4 Ապրիլին յայտարարած է, որ կը նախատեսուի կին կամաւորներու անդամագրութիւնը։
«Հայ ժողովուրդը ցոյց տուեց, որ միասնական է եւ կարող է ապահովել բանակի թիկունքը: Իշխանութիւնը եւ ընդդիմութիւնը պէտք է մի կողմ դնեն իրենց տարաձայնութիւնները եւ լծուեն հայրենիքը պաշտպանելու նուիրական գործին: Այստեղ շատ կարեւոր է հայ կնոջ դերը:
Որպէս կին քաղաքական գործիչ, ես գիտակցում եմ նաեւ իմ պատասխանատուութեանը հայրենիքի հանդէպ: Ուստի պատրաստ եմ նախաձեռնել կանանց կամաւորական ջոկատների կազմակերպումը: Անդամագրուած կանայք նախնական զինուորական պատրաստութիւն անցնելուց յետոյ կը մեկնեն ոազմի դաշտ եւ կ՛աջակցեն մեր հերոս զինուորներին՝ զբաղուելով թէ՛ բուն ռազմական գործողութիւններով, թէ՛ թիկունքի ապահովմամբ», յայտարարած է ան:
Լ. Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ արդէն առաջարկը գրաւոր կերպով ուղարկած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, որուն համաձայնութիւնը ստանալէ ետք պիտի հրապարակէ կիներու կամաւորական ջոկատներու ստեղծման նախաձեռնութեան կազմակերպչական մանրամասնութիւնները: Պատգամաւորը համոզուած է, որ մեծաթիւ կիներ պիտի միանան այս նախաձեռնութեան: