«Մեր բոլոր կառոյցները զօրաշարժի մէջ են». ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան
Արցախի վերջին իրադարձութիւններուն մասին «Հորիզոն»ի հետ յատուկ հարցազրոցի մը ընթացքին անդրադարձաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան։
Ան յայտնեց, թէ Գանատայի տարածքին գործող Հայ Դատի յանձնախումբի միաւորներու ներկայացուցիչները արդէն հանդիպումներ կ՚ունենան Գանատայի խորհրդարանի անդամներու հետ, զանոնք տեղեակ պահելով ատրպէյճանական յարձակապաշտ տրամադրութիւններուն եւ վայրագութիւններուն մասին։ Գանատայի Շրջանային Հայ Դատի յանձնախումբը յատուկ հաղորդագրութեամբ կոչ ուղղած է Գանատայի պատկան իշխանութիւններուն, որպէսզի դատապարտեն Ատրպէյճանի նախայարձակ ընթացքը, յատկապէս ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ ծանր զինատեսակներու օգտագործմամբ հայկական բնակավայրերու հրթիռակոծումն ու հայ խաղաղ բնակիչներու սպանութիւնը։
Գանատայի խորհրդարանի գլխաւոր երեք կուսակցութիւնները արդէն յատուկ հաղորդագրութիւններով անդրադարձած են կացութեան եւ կոչ ուղղած են կողմերուն հրադադարի։
Այլ գետնի վրայ, շուտով մեր երիտասարդական եւ ուսանողական կազմակերպութիւնները բողոքի հաւաքներ կը կազմակերպեն Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ դատապարտանքի ալիք բարձրացնելով ատրպէյճանական նախայարձակ անբարոյ գործելակերպին դէմ։
Հարցազրոյցի աւարտին Րաֆֆի Տօնապետեան յայտնեց. «Գանատահայութիւնը իր բոլոր կառոյցներով այս օրերուն զօրաշարժի մէջ է։ Բոլորս գիտակից ենք ենք, որ այսօր թէ՛ բարոյապէս եւ թէ՛ նիւթապէս պէտք է զօրակցինք Արցախին եւ հայրենիքի սահմաններուն պաշտպան կանգնած հայոց քաջարի բանակի անձնուէր զինուորներուն»։