ՀՅԴ Նոր Սերունդի Բողոքի Ցոյցը Փարիզի Ատրպէյճանի Դեսպանատան Դիմաց


Փարիզի մէջ 300-400 ֆրանսահայերու մասնակցութեամբ հանրահաւաք տեղի ունեցած է: Դաշնակցութեան «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան հարիւրաւոր անդամներ դուրս եկած են փողոց, Ֆրանսայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց` բողոքելու Ատրպէյճանի մարդատեաց քաղաքականութեան ու Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամաբ յարձակումներուն դէմ:

«Սթոփ Ալիեւ» ընդհանուր կարգախօսին տակ երիտասարդները Արցախի եւ Հայասատանի հանրապետութեան դրօշներով, Պաքուի քաղաքականութիւնը դատապարտող պաստառներով, վանկարկումներով, յիշեցուցած են համահայկական միասնութեան եւ Արցախին զօրակցելու մասին:

Կազմակերպիչները ցոյցի մասնակից երիտասարդներուն անունէն յայտարարած են, որ Ֆրանսայի մէջ բնակող երիտասարդները պատրաստակամ են վերադառնալու հայրենիք եւ առաջին գիծին վրայ պաշտպանելու մեր պատմական հողերը:

 



Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.