Ալիեւի մոլորանքը եւ էրտողանի սադրանքը


(Ղարաբաղի պատերազմական գործողութիւններու հետքով)

Միհրան Քիւրտօղլեան

 Ժամանակէ մը ի վեր Ազրպէյճան ցոյց կու տար արդէն իր ջիղերը չկարենալ զսպելու նշաններ եւ այդ պատճառով ալ ինկած էր սահմանագիծը լարուած պահելու արկածախնդրութեան մէջ: Ալիեւի ջղաձգութիւնը գագաթնակէտի հասաւ , երբ Եւրոպայի Խորհուրդին խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ ի վնաս Ղարաբաղին քուէարկութեան դրուած բանաձեւը տապալեցաւ , յուսացածին հակառակ արդիւնքը ունեցաւ, որմէ ետք ան իր արտաքին գործոց նախարարին բերնով ի լուր աշխարհին ամբաստանեց ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութիւնը չէզոքութեամբ չգործողի, միջազգային ատեաններու մօտ «կողմնակցական» միջամտութիւններ կատարողի յանցանքով եւ ԵԽխորհրդարանական վեհաժողովի քուէարկութեան արդիւնքը վերագրելով անոր միջամտութեան, յայտարարեց , որ ինք իր վստահութիւնը կը վերցնէ համանախագահութեան վրայէն : Ասիկա կը նշանակէր մերժել բանակցութիւնները եւ յարիլ պատերազմական լուծումի ընտրանքին :

Ազրպէյճանի Այս ձախաւեր ընտրանքը սքանչելի առիթ կը դառնար Էրտողանի համար , որ իր հաշիւներուն ծառայեցնէ մոլորած Ալիեւի ջղագարութիւնը, զայն մղէ պատերազմի արկածախնդրական գործողութիւններու՝ տարածաշրջանի մը մէջ եւ այնպիսի պահու, երբ շրջանային ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններն ու կացութիւնը կը պահանջէին հակառակը. շրջահայեացութիւն, զսպուածութիւն, պաղարիւնութիւն:

Էրտողանն ալ նոյնպէս կը գտնուի ջղային վիճակի մէջ: Ժամանակաւոր յաջողութիւններէ տարուած՝ իր սեփական անձին ու Թուրքիոյ համար հնարաւորութիւններէ շատ աւելի վեր փառասիրութիւններու հետամուտ ըլլալով համարձակեցաւ չափուիլ նոյնիսկ Ռուսիոյ հետ եւ ինքզինք մատնեց անել կացութեան, լքուեցաւ նաեւ իր սխալները «չտեսնող» հովանաւորէն, Ամերիկայի մեծ դաշնակիցէն: Քաղաքական մեկուսացումի հաւանականութիւնը վտանգ կը ստեղծէր , որ քրտական պայքարը անհամեմատ թափ առնէ, անոր զօրակցողներուն թիւը աւելցնելով թուրք ազգին մղձաւանջը սաստկացնէ, ինչպէս նաեւ հին ու Էրտողանով աշխուժացուած բանթուրքիզմի թեւածումները սահմանափակէ:

Աւելի կանուխ, Տաւութօղլուի «զէրօ խնդիր» քաղաքական տոքթրինը կը կարծուէր, որ կը վերաբերի յարգանքի վրայ հիմնուած ու փոխադարձ հասկացողութեան յարաբերութիւններով դրացիներուն հետ գոյութիւն ունեցող հարցերը հարթելու բարի տրամադրութեան : Հետագայ գործողութիւնները շուտով եւ անգամ մը եւս ցոյց տուին սակայն, որ Թուրքիոյ համար «զէրօ խնդիր» կը նշանակէ՝ նենգութեամբ ու սադրանքներով կամ զինու զօրութեամբ դրացիներուն հետ գոյութիւն ունեցող առկախ բոլոր հարցերը ի նպաստ իրեն արմատապէս հարթելու- լուծելու նպատակ: Միջազգային հանրութիւնը եւ դրացի երկիրները խաբուելէ ետք հասկցան, ուշ հասկցան, բայց ի վերջոյ հասկցան «զէրօ խնդիր»ին էութիւնը:

«Զէրօ խնդիր»ն ալ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ արտայայտութեան տարբերակ մը հի՜ն, Օսմանի օրերէն աւանդաբար շարունակուող Թուրքիոյ քաղաքական վարքագիծին. Խաբէութեամբ ու խարդաւանանքներով օգտուիլ թշնամիի թէ բարեկամի տկարութիւններէն, դաշնակից երկիրներու բարեացակամութենէն, անոնց միջեւ լուռ մրցակցութիւններէն, չխոստովանուած առկայ հակադրութիւններէն:

Թուրքիա այդ վարքագիծով միշտ ալ օգտուած է անցեալին: Ատով կը յուսայ օգտուիլ նաեւ այսօր, իր անելէն ելքի ճամբայ մը գտնելու համար :

Կասկած չկայ, որ Թուրքիոյ դրդումով, անոր քաջալերանքին ու խոստացած նեցուկին ապաւինելովն է, որ մոլորանքի մատնուած Ալիեւ ձեռնարկեց պատերազմական գործողութիւններու: (Բարեկամի «տկարութենէն» օգտուելու հերթական դաւադրութիւն):

ISIS-ի ծայրայեղ իսլամականները օգտագործելով՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ կապուած իր նպատակներուն, ինչպէս նաեւ անոնց միջոցով քրտական շարժումը ճզմելու իր փորձերուն մէջ ձախողելէ ետք , Էրտողան հիմա կը գործածէ Կովկասի վտանգաւոր խաղաթուղթը:

Հաւանաբար կը յուսայ ան, որ Ղարաբաղի ճակատը հրահրելով Կովկասը ապակայունացնելու իր սադրանքը 1. ցոյց պիտի տայ՝ շրջանին վրայ վերահսկելու, հոն խաղաղութիւնը պահելու Ռուսիոյ անկարողութիւնը, 2. Արեւմուտքի իր դաշնակիցները քաղաքական երկընտրանքէն մէկին կամ միւսին հակելու պարտաւորութեան տակ պիտի դնէ եւ 3. ինչ որ կարեւորն է՝ պիտի նպաստէ իր ու Թուրքիոյ դերակատարութեան բարձրացումին՝ յաչս դաշնակիցներուն եւ Ռուսիոյ: Այս շրջագծին մէջ թերեւս կը յուսայ թրքացեղ երկիրներու նեցուկն ալ ունենալ:

Բայց կ’երեւայ թէ իր հաշուարկներուն մէջ նկատի չունի ան, որ ներկայ փուլին, յատկապէս Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը բոլոր պարագաներուն չէ , որ կը պահպանուի հակադրութիւններով, այլ կը պահուի նաեւ ու մանաւանդ փոխադարձ շահերու փոխ-ըմբռնումով, երբեմն նաեւ հակադիր ուժերու ՝ ԱՄՆի եւ Ռուսիոյ միջեւ իրարու փոխ-օգնութեամբ: Գաղտնի՞ք են ներկայ փուլին Ռուսիոյ եւ ԱՄՆի գործակցութիւնն ու իրարու միջեւ գոյացած սկզբունքային համամտութիւնը՝ Սուրիոյ հրատապ խնդրի լուծման, քրտական ապագայ ինքնավարութեան վերաբերող եւ Ղարաբաղեան վէճը բանակցութիւններով հարթելու հարցերուն մէջ :

Էրտողան ինքզինքով յափշտակուած վտանգաւոր խաղացող մըն է: Իսկ Ալիեւ մոլորած մը, որ կը հետեւի անոր՝ թերեւս յուսալով, որ պատերազմական գործողութիւնները հանրային կարծիքի մօտ արծարծ կը պահեն Ղարաբաղի հարցը, քաղաքացիներուն մոռցնել կու տան տնտեսական ու ընկերային դժուարութիւնները եւ կ’արդարացնեն բռնապետի իր վարքը:

Սակայն յետոյ՝ ի՞նչ: Ղարաբաղը պիտի չպարտուի: Թուրքիոյ կշիռը պիտի չբարձրանայ: Ազրպէյճան դարձեալ պիտի գտնուի հոն, ուր որ էր: Իսկ Էրտողանէն եւ Ալիեւէն հաշիւ պահանջող պիտի ըլլա՞յ արդեօք հեղուած արիւնին ու աւերածութեան համար:

Մինչայդ սակայն, վտանգաւոր այս «խաղ»ի հեղինակներուն վճռապէս եւ սրբազան միասնութեամբ յայտարարելու ատենն է , որ Հայաստանին ամար Ղարաբաղի խնդիր չկայ, համահայկական կնիքով միանգամընդմիշտ լուծուած է արդէն անիկա:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.