Հայեցի դաստիարակութիւնը՝ 21րդ դարու սկիզբին – Յամեցող ու նոր մարտահրաւէրներ


 

Կարգ մը դիտարկումներ՝ սեղանի վրայ մնայուն հոլովուող հարցերու մասին

Հայ դպրոցի դիմագրաւած հարցերուն, հայերէնի դասաւանդման եւ հայեցի դաստիարակութեան մասին տարեկան դրութեամբ քիչ բան լոյս կը տեսնէ մեր մամուլին մէջ (խօսքը անշուշտ չի վերաբերիր յանկերգուող ճառերուն, քանիցս վերաշրջանառուած լոզունգներուն եւ ներբողներուն): Իսկ գիտաժողովներու ծիրին մէջ, անոր քննարկումները կ’ըլլան՝ ի շարս այլոց, Արեւմտահայերէնի «պահպանման» խնդրին, Մեսրոպեան ուղղագրութեան հարցին կամ այլ լեզուագիտական/քերականական վէճերու կողքին: Ճիշտ է որ ասոնց հետ ուղղակիօրէն կ’առնչուին հայ դպրոցն ու հայեցի դաստիարակութիւնը, սակայն ժամանակն է որ առանձնացուին որպէս թեմա եւ անոնց շուրջ հերթականութեամբ (կամ կարելի յաճախակիութեամբ) կատարուին հրապարակային կամ ժողովական քննարկումներ, արժեւորումներ ու գործնական քայլերու առաջարկներ: Նման հաւաքական քննարկումներու մասնակիցները պէտք է ըլլան առաջին հերթին մեր կրթական մշակներն ու պատասխանատուները՝ իրենց «խրամատային» առօրեային ու մանկավարժական փորձառութեան օրակարգով: Իսկ այս գծով թափուելիք ճիգը կրնայ միայն համահայկական ըլլալ՝ եթէ լուրջ ենք հայախօս ու ազգային դիմագծով սփիւռքեան զանգուած մը ունենալու մեր առաջադրանքին մէջ: Նման առաջադրանքի մը համար հարկ է համադրուած ու ոչ-պարագայական գործ՝ պետութեան (որու ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան մաս կը կազմէ այս ուղենիշը) եւ Սփիւռքի բոլո’ր կառոյցներու համատեղ ուժերով: Նման առաջադրանքի մը համար ցարդ կիրարկուած ընթացիկ ձեւերը, կիսամիջոցները կամ զիջումնային տարբերակները երկարաշունչ երթի չեն կրնար դիմանալ այսուհետ: Վերջապէս, եթէ վաղուց գիտենք որ նման առաջադրանքի մը գլխաւոր հնոցները հայ դպրոցներն են, հիմա յստակ կ’երեւի թէ մեզ մինչեւ հոս հասցնելէն ետք՝ կարելի չէ անոնց անբաւարար թիւերով ու կարողականութեամբ՝ հարիւր տարի եւս երկարաձգել Սփիւռքի վաղեմութեան ժամկէտը: Հրամայակա’ն է մեր կտրած ճամբու գնահատականը կատարել, վերանայիլ ցարդ ի գործ դրուած կրթական ծրագիրները, անոնց իրականացման միջոցները ու արմատական բարեփոխութիւններու ընթացակարգ մը պատրաստել:

Մինչեւ նման մեծ մասշտապով գործընթացի առաջարկ միս-ոսկոր կապելու հանգրուանին անցնի, կարելի է նախատիպ ստեղծող քայլեր առնել սփիւռքեան ամենօրեայ վարժարաններու հայերէնի դասարանէն ներս: Արդի մանկավարժութեան բոլոր յաջողած մօտեցումներն ու մեթոտները կարելի է ի կատար ածել, սկսելով ուսուցչական մասնագիտացումէն, հասնելով մինչեւ արդիւնաւէտ դասագրքերու ստեղծումին ու դասարաններէն ներս՝ համակարգչային արհեստագիտութեան բազմաբնոյթ մուտքին: Առ այդ, դիտարկումներու եւ առաջարկներու տեսքով, հետեւեալ թուարկումները՝

1- Առաջին քայլը հարկ է նետել դասարան չմտած, մեր նորովի ծնողներուն մօտ (որոնց համար հայերէնը աւելորդ բեռ է՝ որ կը խոչընդոտէ պաշտօնական լեզուներու եւ նիւթերու հեզասահ ուսուցումը) տարածելու այն փաստը՝ որ մայրենի լեզուի տիրապետումը իրենց զաւկին կողմէ՝ ամուր ենթահողն է որեւէ այլ լեզուի իւրացման, ներառեալ՝ «մեծամասնական» կամ տիրող լեզուին: Առատ են այս գծով եղած լեզուագիտական ու մանկավարժական հետազօտութիւնները, որոնք կ’ընդգծեն թէ մայրենի լեզուի իւրացումը երեխայի կողմէ, մանաւանդ մանկապարտէզէն նախակրթարանի աւարտ երկարող շրջանին, մեծապէս կը նպաստէ երկրորդ կամ երրորդ լեզուի մը ուսուցման ու զարգացման: Առաւել եւս՝ կը սատարէ անոր ինքնութեան հաստատման, ինքնավստահութեան ամրացման ու նկարագրի բնականոն կազմաւորման հոլովոյթներուն: Ծնողներու դերին ու կեցուածքին գծով՝ դիպուկ է Թորոնթոյի համալսարանի դասախօս, մանկավարժական հոգեբանութեան մասնագէտ դոկտ. Ճէյմս Գամինզի յանձնարարականը՝ «(Մայրենի) լեզուի կորուստի չափերը նուազեցնելու համար, ծնողները հարկ է հաստատեն տան լեզուի ուժեղ քաղաքականութիւն մը եւ երեխաներուն ընձեռեն լայն պատեհութիւններ՝ ընդարձակելու այն գործառոյթները որոնց համար կը գործածեն մայրենի լեզուն (օր.- գրել ու կարդալ) եւ այն առիթները՝ երբ կրնան գործածել զայն (օր- համայնքի մայրենի լեզուի օր, խաղի խումբեր, հայրենի երկիր այցեր, եւլն)»: Մեր մօտ՝ ուղղութիւնը վաղուց թեքած է հակառակ կողմը, սակայն անշրջելի չէ՝ եթէ պատգամը ճիշտ ձեւով ու հասցէագրումով կարողանանք տեղ հասցնել:

2- Մանկավարժական ոլորտը ամենուրեք, բայց մանաւանդ Արեւմտեան աշխարհի մէջ, ակադեմական թէ պետական մակարդակով, մնայուն որոնումի մէջ է լաւագոյն մանկավարժական մեթոտները գտնելու եւ անոնցմով կոփելու դեռատի ու պարմանի սերունդները դպրոցներէն ներս:Բազմապիսի են տարազումներն ու տեսութիւնները, սակայն անոնցմէ փորձաքարի զարնուածներն ու յաջողածները՝ կարելի է որեւէ միջավայրի պատշաճեցնել ու անոնց լիարժէք գործնականացումով՝ հասնիլ շօշափելի արդիւնաւէտութեան: Այսօրուայ դասարանին մէջ, եթէ կ’ուզենք հասնիլ հայերէնի փոխանցման ու ամրապնդման առաւելագոյն արդիւնքին, անոր դասաւանդման մեթոտները ոչ մէկ ձեւով պէտք է զիջին տիրող լեզուներու ուսուցման եղանակներուն: Այսօրուայ արժեչափերու թուաբանական հաւասարութիւնը պարզ է – Այնպէս ինչպէս ոեւէ քիմիագէտ, ֆրանսագէտ կամ հայագէտ չի կրնար մանկավարժօրէն ատակ ուսուցիչ ըլլալ ու փոխանցել իր գիտելիքները, նոյնպէս ալ՝ մանկավարժական մասնագիտութիւն ունեցող ոեւէ ուսուցիչ դժուար թէ կարողանայ քիմիագիտութիւն, ֆրանսերէն կամ հայերէն դասաւանդել՝ եթէ չունի անոնց խորացուած իմացութիւնն ու հմտութիւնը: Աւելցուցէք մասնագիտական այս հենքին՝ ուսուցչական ընդոծին կոչումն ու դաստիարակման արուեստի տաղանդը եւ կ’ունենաք տիպարը հայ մտքի մշակին: Եթէ կարելի ըլլայ համատեղել այս բոլորը, հայերէնի դասաւանդ ուսուցիչը իր կարողականութիւնը կը կրկնապատկէ ու հայերէնի դասապահերը աշակերտներուն համար կը վերածէ նպատակաուղղուած, սպասուած, հաճելի ու վարձահատոյց պահերու:

3- Լուրջ ուսումնասիրութեան կը կարօտի մեր վարժարաններու դասագիրքերու պարագան: Արեւմտեան սփիւռքին միայն եթէ նայինք (ընդհանրացման մեծ հաւանականութեամբ), ակներեւ կը դառնայ հայ լեզուի, քերականութեան, գրականութեան թէ պատմութեան գրքերու ե’ւ պակասը ե’ւ շատերու ժամանակավրէպութիւնը: Իսկ հայկական հին թէ արդի մշակութային ժառանգին մասին գիրք գոյութիւն չունի: Կան անշուշտ մասնագիտական պրպտումի ու աշխատանքի արդիւնք որակաւորներն ալ, սակայն անոնց հետ ալ անխուսափելիօրէն կու գան՝ այս կամ այն երկրի կարիքները չբաւարարելու, լեզուական մակարդակէն վեր կամ վար ըլլալու եւ մասնայատուկ պահանջքներ չգոհացնելու խնդիրները: Առ ի չգոյէ լաւագոյնի, հայ ուսուցիչը յաճախ դասարան կը մտնէ պատճէնահանումներու գորշ կոյտերով: Աշակերտի մտքին մէջ առաջին իսկ բաղդատական հայեացքով, տեսողապէս արդէն հայերէնը կը թուի հնամաշ, գրաւչութիւն չունեցող ու խունացած լեզու…

Ժամանակն է որ այս գծով մասնագէտներէ եւ ուսուցիչներէ բաղկացած աշխատանքային խումբերով նախաձեռնուի դասագիրքերու մատենաշարային հրատարակութիւններու, որոնց համար հիմնական նկատուին հետեւեալ սկզբունքները –

  • Մանկապարտէզէն՝ երկրորդական, գիրքերը առաջնորդուին սորվելու/ուսման յառաջընթացի (progression of learning) կանոնով: Այսինքն՝ տարուէ տարի իրար ագուցուած ծրագրամասերով, աստիճանական զարգացման կարգով ճշտել թէ ամէն մէկ հանգրուանի՝ աշակերտը ի՞նչ եւ ինչքա՞ն իւրացուցած պիտի ըլլայ հայերէնի իր դասերէն (հասկացողութիւն, լեզուի կառոյց, քանակականօրէն՝ բառապաշար, եւլն):
  • Բովանդակութիւնը կազմուի թէ’ մեր գրականութեան դասականներէն քաղուած եւ թէ’ աշակերտի ներկային ու շրջապատին հետ կապուած կտորներով, որոնց լեզուն հաղորդական է բայց միեւնոյն ժամանակ՝ հարստացնող: Այժմէական բաժինները պարունակեն նիւթեր որոնք աշակերտի տարիքին յատուկ վիճակներու, տան ու հայ համայնքի առօրեային կ’առնչուին, մէկ խօսքով՝ իր տեսած ու ապրածի թելը բնականօրէն կը կապեն իրենց էջերուն:
  • Դասագրքերու բնաբաններու յատուկ մէկ բաժինը հարկ է ունենայ մերօրեայ հարցերով կազմուած ազգային դաստիարակութեան լիցք, որոնց ընդմէջէն ուսուցիչը կարողանայ արծարծել օրինակ արցախեան ազատամարտի, Ջաւախքի հայկականութեան պայքարին, թաքուն հայերու զարթօնքին կամ նոյնինքն Սփիւռքի լեզուի տագնապին ու մաքառումներուն անմիջական խնդիրները:
  • Գրքերը ո’չ միայն պէտք է որ ըլլան աներկբայօրէն գեղատիպ ու գրաւիչ, այլ եւ իրենց ձեւաւորման ու պատկերազարդման լեզուն համընթաց կերպով արտայատուի ե’ւ հայկական ե’ւ այս դարը հայելացնող մոտիվներով:

Այսքանը՝ մեր ներկային մասին: Այն ինչ որ աւանդաբար ըրեր ենք ու անով՝ առաջ քաշած հայեցի դաստիարակութեան արօրը: Նոյն այդ ներկան յանդուգն քայլերով ու ոչ-մակերեսային կերպով փոխելու եւ անկէ դէպի ապագայ ոստումով անցնելու մասին՝ ստորեւ, այս մտորումներու եզրափակիչ հատուածին ընդմէջէն:

Համացանցի, մանակավարժական արհեստագիտութեան եւ Կրթութիւն 3.0ի կարգ մը սկզբունքներուն մասին

Իննսունականներու կէսէն ի վեր, թափ կը հաւաքէ մանկավարժական ելեկտրոնիկ արհեստագիտութեան (education technology) դասարաններ մուտքի գաղափարը: Իսկ այս օրերուն արդէն կը խօսուի դարին համահունչ՝ արդի դպրոցներու արհեստագիտական անկիւնադարձի (virage technologique) անխուսափելիութեան մասին: Այս դարձուածքի մասին խօսքը չի վերաբերիր մոտայիք կամ գեղագիտական փոփոխութեան մը, այլ ել-արհեստագիտութեան եւ ուսումնական միջավայրի ամբողջական համարկումին: Համալսարաններու մակարդակով արդէն իսկ ընթացիկ կիրառումի անցած ու նախատիպեր ստեղծած, ելեկտրոնիկ արհեստագիտութիւնը վարժարաններու համար ալ կը բանայ նոր հարթութիւններու լայնածիր աշխարհ մը՝ մանաւանդ hամացանցի Web 2.0 փուլի ընձեռած կարելիութիւններով: Անոր անուան նմանակումով ալ`վերջերս կեանքի կոչուած է Կրթութիւն 3.0 (Education 3.0) եզրը: Նորաթուխ ըլլալով, այս եզրի հովանիին տակ կ’երթեւեկեն զայն բնութագրող քանի մը մեկնաբանութիւններ ու անոնց ջատագովներու անունները, որոնցմէ կարելի է առանձնացնել Պոսթըն համալսարանի դասախօս փրոֆ. Ճէյմս Լենճըլը: Ըստ անոր, եթէ Կրթութիւն 1.0-ն գիւղատնտեսութեան դարու ընկերութեան կարիքները կը գոհացնէր եւ անոր յաջորդող 2.0 տարբերակը՝ ճարտարարուեստի դարու պահանջքներուն համեմատ ձեւուած էր, ապա՝ Կրթութիւն 3.0-ի փուլի դպրոցներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը տակաւին կ’ընթանան առաջին երկուքի կաղապարով, փոխանակ քայլ պահելու մեր դարու ելեկտրոնիկ սրընթաց զարգացման հետ: Այդ պատճառով ալ՝ հարկ է արմատապէս փոխել 21րդ դարու դասարանը, որպէսզի ան դառնայ թարգմանը իր շրջապատին եւ պատրաստէ ել-արհեստագիտութեան քաջածանօթ, ստեղծագործ, վերլուծող, բազմագործուն (եթէ այսպէս թարգմանենք multitasking բառը) ու համագործակցիլ գիտցող մարդն ու ապագայ մարդուժը տուեալ ընկերութեան ու անոր աշխատանքի վայրերուն:

Որքան ալ տարբեր ըլլան այս եզրի ստեղծած սահմանումներն ու մեկնաբանութիւնները, բոլորի հասարակ յայտարարը նոյնն է, զոր կարելի է ամփոփել այսպէս՝

1- Անցում աւանդաբար կամ սովորութեան ուժով հասած միջոցներէ՝ ել-արհեստագիտութեամբ փոխանցուող ուսման

2- Դասարանը չի սահմանափակուիր պատերով երբ ել-կապը ամենուրեք է (wired/connected classroom) – գրատախտակը՝ ելեկտրոնիկ է (օր-Smartboard) եւ փոխներգործող (interactive), աշակերտը կ’օգտագործէ իր բջջային հեռախօսն ու ելէտրոնիկ սալ/pad-ը իբրեւ դասագիրք: Ել-արհեստագիտութիւնը սոսկական դրածոյ կամ օժանդակ միջոց չէ հոս որմով նոյն բաները կը կատարուին ինչ անցեալին: Ան կը վերասահմանէ դասարանի աշխատելակերպն ու արդիւնաւէտութիւնը՝ բանալով ճամբաներ որոնք առանց անոր անկարելի պիտի ըլլային հարթել:

3- Համացանցը ամբողջ կարելի է վերածել բաց ուսումնական ծրագրի (curriculum)

3- Դասաւանդութիւնը՝ հորիզոնական է, մասնակցողական եւ համագործակցական հիմունք ունի: Աշակերտը գիտելիք ընկալողի կրաւորական դերէն դուրս է, կը մասնակցի ու կը բաժնեկցի,տեղեկահաւաք կ’ընէ եւ գիտելիք կը ստեղծէ համացանցի վրայ, թէ’ սորվող է եւ թէ’ դասաւանդ է միաժամանակ:

Այս հովանոցին տակ կ’իյնան շրջուած դասարանի (reverse/flipped classroom), շարժական ուսման (m-learning/mobile learning) եւ խառն ուսման (hybrid/blended learning) նման արդէն իսկ փորձարկուած ու յաջողած յղացքներ:

Առնչելով այս բոլորը մեր նիւթին, պատկերացուցէք նմանօրինակ հայերէնի դասապահ մը, ուր ելեկտրական գրատախտակի եւ աշակերտներու շարժական համակարգիչներու/հեռաձայններու համադրուած փոխներգործութեամբ կը կատարուի դասաւանդումը, ուր տեղւոյն վրայ աշակերտը կրնայ ուսուցիչի յանձնարարած համացանցային թերթատումը կատարել, կամ հասնիլ կայքէջերու որոնք յատուկ կերպով կապուած են իր դասանիւթին ու կը պարունակեն վարժանքներու եւ խաղերու շտեմարան մը: Հպում մը կամ չխկոց մը անդին է ամէն ինչ որ հայերէն, պատմութիւն, մշակոյթ կամ Հայաստան կը յուշէ:

Արդիւնաշատ մեթոտներէն մին որ արդի ուսումնական աշխարհի մէջ առաջ կը մղուի՝ «Նախագծի եւ հետազօտութեան հիմունքով ուսմունք» (PBL- Project and Inquiry Based Learning) կոչուածն է, որու գործիքներն են՝ Google (իր բոլոր ճիւղաւորումներով), Youtube, Facebook, Instagram, Flickr, Skype եւ նմանօրինակ միջոցներ: Ասոնք կամ որեւէ մէկը այն արագօրէն կրկնապատկուող ու մասնայատուկ դերով app-երէն՝ կարելի է հեզասահ մերումով կապել հայեցի նիւթերու դասաւանդութեան ու աշակերտի մտքին մէջ՝ հայերէնին տալ բոլորովին նոր փայլք ու հմայք՝ որ կը համընկնի անոր իրական եւ վիրտուալ աշխարհներուն: Այս ընելով, հայերէնի նկատմամբ անոր մտապատկերը այլեւս կը դառնայ բոլորովին տարբեր, մշտանորոգ ու իր ժամանակին կշռոյթով քալող լեզուի տեսքով, փոխան՝ այն ինչին որ կը տեսնէր մօտիկ անցեալին– իրեն ոչ հաղորդական, ոչ պիտանի ու երրորդական լեզու:

Ամենէն մեծ կարելիութիւնը սակայն որ ամբողջութեամբ կը յենի համացանցային արհեստագիտութեան վրայ՝ այդ ալ հայկական վիրտուալ վարժարաններու ստեղծումի պատեհութիւնն է, որոնք նման քարեղէն վարժարաններու կարգերուն՝ հայեցի ծրագիրը կը սկսին մանկապարտէզէն ու անոր հետեւող աշակերտը կը հասցնեն մինչեւ երկրորդականի աւարտական դասարան: Այս ո’չ միայն կը զանցէ աշխարհագրական սահմանները եւ սահմանափակումները, այլեւ լուծման բանալին կրնայ դառնալ վերը մատնանշուած սփիւռքեան դպրոցներու անբաւարարութեան կամ չգոյութեան խնդրին: Նման նախաձեռնութիւն մը կրնայ ոմանց մեծածախս ու անիրականանալի թուիլ, սակայն բոլոր այլընտրանքներէն ամենէն իրագործելին ու յարաբերաբար ամենէն խնայողականը՝ այ’ս մէկն է ու անգամ մը որ իր հունը գտնէ՝ հասանելի կ’ըլլայ բիւրաւոր աշակերտներու: Հրամայական է սակայն որ այսպիսի յեղափոխիչ ծրագիր մը կանգնած ըլլայ մանկավարժական եւ լեզուագիտական բազմակողմանի ուսումնասիրութեան մը վրայ: Մէկ խօսքով՝ մէջտեղ բերուի մասնագիտական եւ ոչ թէ սիրողական ճիգերով:

Սակաւաթիւ են ելեկտրոնիկ կամ համացանցային ոլորտին առնչուող հայերէն մանկավարժական ձեռնարկութիւնները: Քիչ աւելի են արեւելահայերէնով եղածները (օր.- dasatu.ru, Apple-ի “Learn Armenian” ծրագիր, Memrize app, եւլն), բայց նաեւ կան արեւմտահայերէնին յատուկ հարթակներ, ինչպէս համացանցի «Նայիրի» ուղղագրիչ բառարանը, Կիւլպէնկեան հիմնարկի «Արեւիկ» եռամակարդակ ծրագիրը, Համազգայինի «Լալան ու Արան» app-ը եւ ՀԲԸՄի “Armenian Virtual College”ի կայքէջը: Բոլորն ալ ճիշտ ուղղութեամբ առնուած քայլերու նուազագոյնն են սակայն ու ամբողջականօրէն չեն գոհացներ սփիւռքահայ աշակերտութեան հրատապ կարիքները: Այս իմաստով, կարելի է ըսել որ բաւականին լայն է մեզ ու մեր ժամանակներուն յարիր հայեցի կրթութեան համակարգի մը միջեւ գտնուող վիհը: Այս գծով, Կրթութիւն 3.0-ի այլ ջատագով մը՝ դոկտ. Ճէֆ Պորտըն, հարցը սեղանին կը դնէ պարզ համեմատութեամբ մը՝ «Որքան քիչ է արհեստագիտութեան օգտագործումը դասարանէն ներս, այդքան դժուար է հոն ուսուցանել 21րդ դարու յատուկ ձեռնհասութիւնն ու հմտութիւնները»: Այս սեւ-ճերմակ բաղդատականը կարելի է նոյնութեամբ վերագրել հայերէնի դասարաններուն:

Մեզի կը մնայ անյապաղ անցնիլ մե’ր 3.0 փուլին եւ ստեղծել այն բոլոր մանկավարժական ուղիներն ու միջոցները, որոնք համապարփակօրէն կը պատասխանեն Սփիւռքի հայեցի կրթութեան պահանջքներուն ու գոյատեւման մարտահրաւէրներուն: Աշխարհի տարածութիւնները կրճատող համացանցային արհեստագիտութիւնը՝ նոյնը ըրած է նաեւ հայկական Սփիւռքին հեռաւորութիւններուն համար: Նոյ’նը կրնայ ընել նաեւ վերի յօրանջող վիհին համար ալ, փոքրացնելով բաժանման բացը, մօտեցնելով նորարար լուծումներու ծայրամասը:

Ժամանակն է կատարելու այս արմատական ոստումը:

Մհեր Գարագաշեան

(Շար. 2 եւ վերջ)


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.