Ինչո՞ւ համար Թուրքիոյ մէջ յանկարծ յիշեցին Սուլթան Համիտի մահափորձը
Նկատի ունենալով որ ներկայիս ահաբեկչութլան թեման Թուրքիոյ մէջ տարածուած նիւթ է, ՚թուրքերը պատեհ առիթը գտած են ահաբեկչութեան հարցը հայերուն դէմ շահարկելու համար: Այս օրերուն թուրքերը մամուլով կը յիշեցնեն, թէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ռումբի միջոցով կատարուած առաջին ահաբեկչութեան հեղինակը հայ եղած է:
Ինչպէս կը փոխանցէ Akunq.net-ը, թրքական «Եէնի Աքիթ» պարբերականին մէջ յօդուած լոյս տեսած է` 1905-ի Յուլիսի 21-ին Կոստանդնուպոլսոյ Եըլտըզ պալատին մօտ Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) կազմակերպած մահափորձին մասին, որուն նպատակը արիւնարբու սուլթան Համիտին սպաննելն էր:
Յիշեցնենք, որ այս մահափորձի ժամանակ օգտագործուած էր «դժոխային մեքենայ» կոչուող ժամացոյցով ռումբը: Սուլթան Համիտը մահափորձէն փրկուած էր զուտ պատահականութեամբ, իմամի մը հետ խօսակցութեան բռնուելով եւ ձիատար կառքին հասնելէն ուշանալով: