Սուրիոյ մէջ Ազրպէյճանցի Զինեալներ ՏԱՀԵՇ-ի Շարքերուն Մէջ Ղեկավար Դիրքեր Կը Ստանձնեն


«Ալ Արապիա» լրատուական կայքը  կը հաղորդէ‚ որ ՏԱՀԵՇ-ի (Իսլամական Պետութիւն – ISIS) մարտական ղեկավար Օմար Շիշանիի անցեալ շաբաթ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ամերիկեան օդային հարուածի մը պատճառով սպաննուելէն ետք‚ անոր հաւանական յաջորդին անունը կը մնայ անյայտ։

Խմբաւորումէն աղբիւրներ վերջին քանի մը ամիսներուն բազմազգ ՏԱՀԵՇ-ի մէջ ազգային դաշինքներու վերադասաւորումէն ետք ազրպէյճանցի հրամանատարներու մեծ դերակատարութիւնը կը մատնանշեն։

Մասնաւորաբար ազրպէյճանցի երկու հրամանատարներ կը կարծուին Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի մէջ մարտական եւ տեղեկահաւաքի առաջնակարգ դիրքեր ստանձնած են։ Ըստ «Արապիա»-ի անգլերէն ծառայութեան‚ մարտական հրամանատարը իրաքեան վեթերան մըն է‚ որ ՏԱՀԵՇ-ի ազրպէյճանցի անդամներուն կողմէ ճանչցուած է Ժունտուլլահ անունով։ Նախապէս անծանօթ եղող այս անհատին կազմակերպութեան մէջ ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը հիմնուած է Իրաքի մէջ (ըստ կարգ մը տեղեկութեանց 2007-էն ի վեր) երկարատեւ մարտական գործունէութեան վրայ‚ ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի ազգամիջեան քաղաքականութեան մէջ վերջերս արձանագրուած փոփոխութիւններուն։

ՏԱՀԵՇ-ի մէջ ազրպէյճանական պլոքի անդամներուն թիւը աճեցաւ խմբաւորման ղեկավար Ապու Պաքր Պաղտատիի «Խալիֆայութիւն»-ը վերականգնելու մասին 2014-ի ճառէն ետք։ Իբրեւ պլոք անոնք կը մնան աւելի փոքրաթիւ քան չեչենները կամ թունուզցիները‚ սակայն ազգամիջեան քաղաքականութեան մէջ լաւ են եւ կը դաշնակցին այլ փոքր խմբաւորումներու հետ՝ ինչպէս տաղստանցիներու եւ տաճիկիստանցիներու հետ ՏԱՀԵՇ-ի մէջ աւելի ուժեղ ու ազդեցիկ խմբակ մը կազմելու համար։

Մինչեւ վերջերս Ռաքքայի մէջ մնացած լրագրող Ախթամ Ալուանի կը յայտնէ‚ որ ազրպէյճանցի «էմիրները» մարտական շարքերուն մէջ բարձրացած են ՏԱՀԵՇ-ի մէջ Ժունտուլլահի ազդեցութեան աճին զուգահեռ։

ՏԱՀԵՇ-ի մէջ ազգամիջեան լարուածութիւնները պատճառ դարձան‚ որ խմբաւորման ղեկավարութիւնը նահանգէն կառավարիչ մը եւ անոր օտարերկրացի ազդեցիկ օգնական մը նշանակէ։

Ազրպէյճանցիներու դերակատարութեան աճը նաեւ կը վերագրուի ՏԱՀԵՇ-ի տեսադաշտին մէջ նոր զարգացումներու՝ օտար զինեալներու‚ ներառեալ չեչեններու եւ մասնաւորաբար հիւսիսային ափրիկեցիներու դէպի Լիպիա գաղթը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.