Օնթարիոյի համայնքային անվտանգութեան փոխ նախարար Մաթիու Թորիկեան հանդիպեցաւ նախարար Յակոբեանի հետ
1227
0
Մարտի 18-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Երեւանի մէջ ընդունեց Գանատայի Օնթարիօ նահանգի համայնքային անվտանգութեան և քրէակատարողական ծառայութիւններու փոխ նախարար Մաթիու Թորիկեանի գլխաւորած պատուիրակութեանը:
Ողջունելով հիւրերուն՝ Սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց հայ–գանատական բարեկամական կապերը, որոնք վերջին տարիներուն աւելի ամրապնդուած են: Ան նաև կարևորութեամբ շեշտեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման և դատապարտման հարցին մէջ Գանատայի ճիշդ դիրքորոշումը։
Պարոն Թորիկեան ուրախութեամբ ընդունեց նախարարի հրաւէրը՝ յառաջիկայ սեպտեմբերի 21-ին Երևանի մէջ մասնակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւններուն, մասնաւորապէս՝ տօնական շքերթին: