111 տարի առաջ, այսօր, Քրիստափոր Միքայէլեանի զոհաբերումը ազատութեան բագինին


Մարտ ամ­սու ա՛յս օ­րը, ­Հա­յոց ­Յու­շա­տետ­րին մէջ, կը խորհր­դան­շէ ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան կրա­կի մկրտու­թեան օ­րը։
Կը խորհր­դան­շէ Ք­րիս­տա­փո­րի նա­հա­տա­կու­թեամբ նո­ւի­րա­կա­նա­ցած գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան Ա­ւան­դը հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մին։

 Ան­սա­կարկ անձ­նա­զո­հու­թեան Ա­ւան­դը՝ ­Հայ­կա­կան ­Յե­ղա­փո­խու­թեան ա­մէ­նէն մար­տու­նակ կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­վի­ճե­լի ա­ռաջ­նոր­դին, որ կեան­քի գնով տո­ւաւ օ­րի­նա­կը խօս­քը գոր­ծով պայ­մա­նա­ւո­րե­լու եւ ամ­րագ­րե­լու գա­ղա­փա­րա­կան յանձ­նա­ռու­թեան։

Ար­դա­րեւ, 111 տա­րի ա­ռաջ, 17 ­Մարտ 1905ին, ­Պուլ­կա­րիոյ ­Վի­տոշ լե­րան լան­ջին, ­Սուլ­թան ­Հա­մի­տի ա­հա­բեկ­ման հա­մար պատ­րաս­տո­ւած ռում­բի փոր­ձարկ­ման զոհ գա­ցին հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ան­զու­գա­կան ղե­կա­վար Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեա­նը եւ իր գոր­ծա­կից Վ­ռամ­շա­պուհ ­Քեն­տի­րեա­նը։

1904ին գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 3րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին ո­րո­շո­ւած էր ­Սուլ­թան Ապ­տիւլ ­Հա­մի­տի ա­հա­բե­կու­մը։ Հ.Յ.Դ. հիմ­նա­դիր եր­րոր­դու­թեան ե­րի­ցա­գոյ­նը եւ ի­րա­ւամբ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Կամ­քին մարմ­նա­ւո­րու­մը հռչա­կո­ւած Ք­րիս­տա­փոր ի՛նք ե­ղած էր դրօ­շա­կի­րը «­Կար­միր ­Սուլ­թան»ը մա­հո­ւամբ պատ­ժե­լու յան­դուգն ո­րո­շու­մին։ Ա­ւե­լի քան բնա­կան էր, հե­տե­ւա­բար, որ Ք­րիս­տա­փոր ան­ձամբ ստանձ­նէր ո­րո­շու­մին գոր­ծադ­րու­թեան ամ­բող­ջա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը, եւ ստանձ­նե՛ց։

Դաշ­նակ­ցու­թեան հիմ­նա­դի­րը գե­րա­գոյն պարտ­քի զգա­ցու­մով ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ մեծ Բռ­նա­կա­լի մա­հա­պա­տի­ժի գոր­ծո­ղու­թեան ծրագ­րու­մին եւ ի­րա­գործ­ման։
Պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան միեւ­նոյն մղու­մով ալ ան­ձամբ ղե­կա­վա­րեց գոր­ծո­ղու­թեան բո­լոր հանգ­րո­ւան­նե­րուն ման­րա­մասն ծրագ­րումն ու նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւ­նը։

Եւ այդ ճամ­բուն վրայ Ք­րիս­տա­փո­րի բա­ժին ին­կաւ ճա­կա­տագ­րի դառն խա­ղը։ ­Վի­տո­շի լան­ջին, «­Մեծ ­Մար­դաս­պան»ը ա­հա­բե­կե­լու կո­չո­ւած ռում­բը ստու­գե­լու հեր­թա­կան փոր­ձարկ­ման պա­հուն, 17 ­Մարտ 1905ին, վա­ղա­ժամ պայ­թե­ցաւ «դժո­խա­յին զէնք»ը՝ զգետ­նե­լով մեծ յե­ղա­փո­խա­կանն ու իր զի­նա­կի­ցը։

111 տա­րի ան­ցած է ­Վի­տո­շի ող­բեր­գա­կան ար­կա­ծէն աս­դին, բայց որ­քան ժա­մա­նա­կը թա­ւա­լի եւ որ­քան խո­րա­նան ­Վի­տո­շի ­Խոր­հուր­դը վեր­ծա­նե­լու փոր­ձե­րը, այն­քա՛ն կը խտա­նայ եւ այժ­մէա­կան իր թե­լադ­րա­կա­նու­թիւ­նը կը շեշ­տէ Ք­րիս­տա­փո­րի ա­րեամբ գրո­ւած ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Պատ­գա­մը՝
– «… Ե­թէ ի­րա­ւուն­քը իր պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար կռիւ է պա­հան­ջում, հա­պա կռի­ւը իր յաղ­թա­նա­կի հա­մար նե­ցուկ պի­տի ու­նե­նայ ոյ­ժը։ Ոյժն է՝ որ կա­ռա­վա­րում է աշ­խարհս, եւ մենք ձեռք կը բե­րենք մեր ու­զած­նե­րը՝ երբ ո՛յժ կ­’ու­նե­նանք»։

Բա­զում ուղ­ղու­թիւն­նե­րով դաս­տիա­րակ­չա­կան է ­Վի­տո­շի ­Խոր­հուր­դը։
Ա­ռա­ջին հեր­թին ար­դի ժա­մա­նակ­նե­րու ­Հայ ­Մար­դուն կը ներշն­չէ ան­հուն ինք­նավս­տա­հու­թիւն ու հպար­տու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ հայ ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման մեծ ա­ռաջ­նոր­դը իր կեան­քի գնով օ­րի­նակ դար­ձաւ յե­ղա­փո­խա­կան յանդգ­նու­թեան։
Ոչ միայն խօս­քով, այ­լեւ կեն­դա­նի գոր­ծով Ք­րիս­տա­փոր մարմ­նա­ւո­րեց ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­թեան պայ­քա­րին ան­սա­կարկ անձ­նո­ւի­րու­մը։

Ու գե­րա­գոյն իր զո­հա­բե­րու­թեամբ ե­կաւ հաս­տա­տե­լու, որ երբ կայ մար­տու­նա­կու­թիւ­նը եւ երբ ամ­րա­պինդ է ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով ան­գամ կռո­ւի դաշտ նե­տո­ւե­լու կամ­քը՝ յե­ղա­փո­խա­կա­նը ի վի­ճա­կի է իր զէն­քե­րը հնա­րե­լու եւ սան­ձե­լու ա­մէ­նէն ան­խո­ցե­լի կար­ծո­ւած բռնա­կալ­ներն իսկ։
Երկ­րո՛րդ. պե­տա­կան սար­սա­փի եւ ա­հա­բե­կու­մի սուլ­թա­նա­կան ան­պա­տիժ յան­ցա­գոր­ծու­թեան դէմ՝ ­Վի­տո­շի նա­հա­տա­կու­թիւ­նը ե­կաւ ամ­րագ­րե­լու, որ նոյ­նինքն ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը կրնայ սրբա­զան զէնք դառ­նալ… տկար­նե­րուն ձեռ­քը։

Հա­մի­տեան բռնա­կա­լու­թիւ­նը իբ­րեւ քա­ղա­քա­կան ու­ղե­գի­ծի ընտ­րած էր պե­տա­կան ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը եւ, հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման ա­մէ­նէն խա­ղաղ ե­լոյթ­ներն ան­գամ, ան­մեղ հա­զա­րա­ւոր­նե­րու ա­րեան մէջ խեղ­դե­լու… բար­բա­րո­սու­թեան անձ­նա­տուր ե­ղած էր։
Ք­րիս­տա­փոր իր ա­րեան նո­ւի­րա­բե­րու­մով ե­կաւ ու­սու­ցա­նե­լու, որ թրքա­կան պե­տու­թեան հա­յաջն­ջու­մի ա­հա­բեկ­չու­թեան ար­ժա­նի պա­տաս­խան է ­Հա­մի­տի ա­հա­բե­կու­մը, իբ­րեւ հո­գե­փո­խիչ օ­րի­նա­կը տկար­նե­րու ար­դա­րա­դատ ա­հա­բեկ­չու­թեամբ պե­տա­կան մար­դաս­պա­նու­թիւ­նը սան­ձե­լու յանդգ­նու­թեան անս­պառ ու­ժին։

Ա­ռանց ­Վի­տո­շի ­Խոր­հուր­դին դժո­ւար է ամ­բող­ջա­կան բա­ցատ­րու­թիւ­նը գտնել այն գաղտ­նի­քին, թէ ա­հա­բեկ­չու­թիւնն ու ա­հա­բե­կի­չը ին­չո՛ւ սրբու­թեան ի­մաստ եւ ար­ժէք ստա­ցած են հայ ժո­ղո­վուր­դի ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դին պար­տադ­րո­ւած տկա­րի եւ զո­հի դա­ժան ու ա­նար­դար ճա­կա­տագ­րին դէմ գե­րա­գոյն ծա­ռա­ցու­մով՝ քրիս­տա­փո­րեան յանդգ­նու­թեամբ իր լրիւ բա­ցատ­րու­թիւ­նը կը գտնէ ­Հայ Ա­հա­բե­կի­չին նկատ­մամբ ­Սիա­ման­թո­նե­րու կող­մէ հիւ­սո­ւած ար­դի հա­յուն խո­րա­գոյն պաշ­տա­մուն­քը։

Եւ հա­յոց սե­րունդ­նե­րը ­Վի­տո­շի ­Խոր­հուր­դէն վեր­ցու­ցին ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի մեծ ա­ռաջ­նոր­դին ա­նա­ւարտ գոր­ծը շա­րու­նա­կե­լու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ այդ ճամ­բուն վրայ գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան պատ­րաստ գտնո­ւե­լու կրթիչ օ­րի­նա­կը։
Մար­տի 17ն­ է դար­ձեալ, ամ­բողջ դա­րաշր­ջան մը՝ 111 տա­րի ան­ցած է 1905ի այդ չա­րա­բախտ օ­րէն աս­դին, բայց ­Վի­տո­շի ­Խոր­հուր­դը ինչ­պէս ան­ցեալ եր­կար տաս­նա­մեակ­նե­րուն, նաեւ մեր օ­րե­րուն կը շա­րու­նա­կէ յանդգ­նու­թեամբ մկրտել հա­յոց սե­րունդ­նե­րը։

Երբ մե­ծերն ու զօ­րեղ­նե­րը բիրտ ու­ժով եւ պե­տա­կան ա­հա­բեկ­չու­թեամբ կը շա­րու­նա­կեն խեղ­դել տկար­նե­րուն ար­դար պա­հանջ­նե­րը,
Եւ երբ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան պա­տու­հա­սը՝ թրքա­կան ցե­ղաս­պան պե­տու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ իր փոր­ձե­րը, պե­տա­կան ա­հա­բեկ­չու­թեան նո­րա­նոր հնարք­նե­րով, խեղ­դե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դին ար­դար պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը,
Ա­ւե­լի քան հասկ­նա­լի է, թէ ին­չո՛ւ հա­յոց սե­րունդ­նե­րը ի­րենց հա­յեաց­քը կ­’ուղ­ղեն դէ­պի ­Վի­տո­շի ­Խոր­հուր­դը։

Դէ­պի ­Հայ­կա­կան Ա­զա­տա­մար­տի յե­ղա­փո­խա­կան ան­պար­տե­լի յանդգ­նու­թեան մայր ա­կուն­քը՝ Ք­րիս­տա­փո­րի նո­ւի­րա­բե­րած սուրբ ա­րիւ­նով մկրտո­ւե­լու եւ կեան­քի գնով վկա­յե­լու հա­մար.
– «­Յա­րա­տեւ կռիւ – ­յա­ճախ եւ եր­կար ժա­մա­նակ, գու­ցէ ան­յա­ջող՝ չնա­յած եր­բեմն նոյ­նիսկ իր լայն ծա­ւա­լին – ա­հա թէ ո՛ւր է մեր փրկու­թեան բա­նա­լին։ ­Պահ­պա­նե՛նք, շա­րու­նա­կենք կռի­ւը, որ­պէս­զի լայ­նա­նայ, ըն­դար­ձա­կո­ւի եւ ըն­դար­ձա­կո­ւե­լով՝ յա­րա­տե­ւի – ա­հա՛ դէ­պի մեր նպա­տա­կը տա­նող միակ ճա­նա­պար­հը։

Չ­շեղո­ւե՛նք այդ ճա­նա­պար­հից, որ պատ­ճառ­նե­րի եւ հե­տե­ւանք­նե­րի կա­պակ­ցու­թեամբ, ու­նի պատ­մու­թեան մէջ հաս­տա­տո­ւած օ­րէն­քի ոյժ. չշե­ղո­ւե՛նք այդ միակ ճա­նա­պար­հից, որ սփռո­ւած է յու­սա­տու ա­պա­գա­յի գրա­ւիչ ծա­ղիկ­նե­րով»։

Նազարէթ Պէրպէրեան


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.