Յայտնի են Օրորա Մարտիկանեանի անուան մրցանակի չորս թեկնածուները
Ընտրող յանձնաժողովի համանախագահներ Ճորճ Քլունի եւ Էլի Վիզէլ ողջունեցին «Ավրորա» մրցանակի չորս թեկնածուները
Մարտ 15, 2016 – Այսօր «Ավրորա» (Օրօրա) մրցանակի ընտրող յանձնաժողովը յայտարարեց մրցանակի դափնեկիր դառնալու չորս թեկնածուներուն անունները. Մարկարիթ Պարանքիցէ՝ Պուրունտիէն, Տոքթոր Թոմ Քաթինա՝ Սուտանէն, Սայիտա Ղուլամ Ֆաթիմա՝ Փաքիստանէն եւ Հայր Պէրնարտ Քինվի՝ Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութենէն:
«Ավրորա» մարդասիրական, համաշխարհային մրցանակը ամէն տարի պիտի շնորհուի անձնաւորութեան մը, որ անձնուիրաբար կ’օգնէ մարդոց։ Դափնեկիրները պիտի գնահատուին իրենց արարքներուն բացառիկ ազդեցութեան ու նշանակութեան համար։ Դափնեկիրը պիտի ստանայ 100,000 ամերիկեան տոլարի պարգեւ եւ նուիրատուութեան շղթան շարունակելու հնարաւորութիւն՝ իր ստանալիք 1,000,000 ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհը փոխանցելով զինք ոգեշնչած մարդասիրական կազմակերպութիւններուն։
«Ավրորա» մրցանակը հիմնուած է 100 LIVES նախաձեռնութեան հիմնադիրներուն կողմէ` առ ի երախտագիտութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն հայերուն փրկութեան ձեռք մեկնած անձանց: Այս տարեկան մրցանակը ստեղծուած է մարդկութեան ուշադրութիւնը աշխարհի վրայ այսօր տեղի ունեցող աղէտներուն եւ ոճրագործութիւններուն վրայ անգամ մը եւս ուղղելու համար եւ խրախուսելու այն հերոսներուն ջանքերը, որոնք մարդկային կեանքեր կը փրկեն:
«Չորս թեկնածուներն ալ իրենց մէջ անարդարութեան եւ բռնութեան դէմ պայքարելու ոյժ գտած են: Մենք «Ավրորա» մրցանակով ո՛չ միայն կը խրախուսենք, այլեւ կը սատարենք այն հերոսներուն, որոնք` յանուն մարդասիրութեան, հալածանքներու եւ անարդարութիւններու դէմ կը պայքարին: 100 տարի առաջ մարդիկ օգնութեան ձեռք մեկնեցին մեր նախնիներուն։ Այսօր, մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոնց՝ փառաբանելով մեր օրերուն նոյն ոգիով պայքարող հերոսները»,– ըսաւ ընտրող յանձնաժողովի անդամ եւ 100 LIVES նախաձեռնութեան համահիմնադիր Վարդան Գրիգորեան։
«Ավրորա» մրցանակի թեկնածուները
Մարկարիթ Պարանքիցէ կ’աշխատի Պուրունտիի Խաղաղութեան Տուն (Maison Shalom) խնամատար հաստատութեան եւ REMA հիւանդանոցին մէջ: Պուրունտիի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն ան փրկած է հազարաւոր կեանքեր՝ խնամելով որբերն ու փախստականները։ Ազգութեամբ թութսի Պարանքիցէն պատերազմի սկիզբը` հետապնդումէ փրկելու նպատակով, թաքստոց հայթայթած է իր ազգութեամբ հութու, 72 ամենամօտ հարեւաններուն, սակայն` երբ զանոնք գտած են, եւ բոլորն ալ անմիջապէս սպանուած, Պարանքիցէ եւս այս բռնարարքին հարկադրեալ ականատեսը եղած է։ Այս դաժան միջադէպէն ետք, Մարկարիթ իր կեանքը նուիրած է փախստականներ եւ երեխաներ խնամելու գործին։ Ան փրկած է շուրջ 30,000 երախայ եւ 2008 թուականին հիմնած է հիւանդանոց, ուր մինչեւ օրս 80,000 հոգի բժշկական օգնութիւն ստացած է։
Տոքթոր Թոմ Քաթինայէն զատ բժիշկ չկայ Սուտանի Նուպա լեռներու «Գթութեան Մայր» հիւանդանոցին մէջ։ Ամերիկացի այս մասնագէտը Հարաւային Սուտանին սահմանամերձ այս գօտիին մէջ մշտական ներկայութիւն ունեցող միակ բժիշկն է, հետեւաբար` անձամբ պատասխանատու է տարածաշրջանի 500,000 բնակիչներուն բժշկական սպասարկման համար։ Չնայած Սուտանի կառավարութեան կողմէ տարածքի բազմակի ռմբակոծումներուն, Տոքթոր Քաթինան` օրուգիշեր մարդկանց հասանելի ըլլալու համար, մշտապէս կ’ապրի է հիւանդանոցին մէջ։ Բազմաթիւ լրատուամիջոցներ ու մարդասիրական օգնութիւն տրամադրող կազմակերպութիւններ լուսաբանած ան անոր անձնուէր գործունէութիւնը: TIME պարբերականը 2015-ին զինք ընտրած է որպէս տարուան ամենաազդեցիկ անհատներէն մէկը։
Սայիտա Ղուլամ Ֆաթիմա իր կեանքը նուիրած է պարտքի դիմաց մարմնական շահագործման ենթարկուողները փրկելու գործին՝ այսպիսով փորձելով վերջ տալ մերօրեայ ստրկութեան վերջին ձեւերէն մէկուն։ Ֆաթիմա Փաքիստանի «Կախեալ Շահագործուողներու Ազատագրութեան Ճակատի» (BLLF) ընդհանուր քարտուղարն է։ Այս կազմակերպութեան ջանքերով ազատագրուած են աղիւսի թրծման գործարաններուն մէջ պարտքի դիմաց հարկադրաբար աշխատող հազարաւոր մարդիկ, որոնց շարքին՝ 21,000 երախայ։ Անոնց ունեցած պարտքի տոկոսները այնքան բարձր են, որ այդ մարդիկ, ըստ էութեան, իրենց կեանքի ամբողջ տեւողութեան հարկադրուած են աշխատիլ ծայրայեղ աղքատութեան եւ յաճախ նաեւ` դաժան պայմաններու ներքոյ։ Ֆաթիմա ենթարկուած է բազմաթիւ մահափորձերու։ Ան իր գործունէութեան ընթացքին բազմիցս ֆիզիքական բռնութեան ենթարկուած է ։
Հայր Պէրնար Քինվի 19 տարեկանին հոգեւորական դարձած է` երբ արդէն կորսնցուցած է իր հայրն ու չորս քոյրերը` երկարատեւ բռնութիւններու ու հիւանդութեան հետեւանքով ։ Հեռանալով իր հայրենի Թոկոյի Լոմէ քաղաքէն՝ Հայր Քինվի տեղափոխուած է Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւն: Սահմանամերձ, փոքրիկ Պոսսէմթէլէ քաղաքին մէջ ան գլխաւորած է տեղի կաթոլիկ միսիոնարական դպրոցը, եկեղեցին եւ Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին անունը կրող հիւանդանոցը։ Սակայն, 2012 թուականին Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան մահմետական Սէլէքա դաշինքի ապստամբներուն եւ Հակա–հրաձիգաւորներու քրիստոնեայ աշխարհազօրին (Anti-balaka) միջեւ քաղաքացիական պատերազմ կը բռնկի։ Տեղի ունեցող բռնութիւններուն ընթացքին, Հայր Քինվիի միսիոնարութիւնը ապաստարան ու բժշկական օգնութիւն տրամադրած է հակամարտութեան երկու կողմերէն տուժածներուն՝ հետապնդումէ եւ մահէ փրկելով հարիւրաւոր մարդիկ։
«Ավրորա» մրցանակի թեկնածուներուն դիմումները ընդունուեցան 2015 թուականի Յուլիս-Հոկտեմբեր ամիսներուն՝ նոյն մրցանակին համացանցային կայքին միջոցով: Թեկնածուները առաջադրուած են իրենց անձնազոհ աշխատանքին համար՝ սկսելով բռնութիւններու դէմ պայքարէն մինչեւ հակամարտութեան գօտիներուն մէջ մարդկանց բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելը:
Այս թեկնածուներէն մէկը «Ավրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակին առաջին դափնեկիրը պիտի դառնայ: Մրցանակը անոր պիտի շնորհէ ընտրող յանձնաժողովի համանախագահ Ճորճ Քլունի՝ Երեւանի մէջ, Ապրիլ 24-ին: «Ավրորա» մրցանակին թեկնածուները գնահատման պիտի արժանան երկօրեայ միջոցառումներու ընթացքին եւ անոնք միաժամանակ աշխարհի մարդասիրական կարեւորագոյն հիմնախնդիրներու շուրջ քննարկումներու պիտի մասնակցին։ Նոյն քննարկումներուն մաս պիտի դառնան նաեւ International Center for Journalists, Not On Our Watch, International Rescue Committee եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններ:
100 LIVES նախաձեռնութեան մասին
100 LIVES համաշխարհային նոր նախաձեռնութեան հիմքը Հայոց Ցեղասպանութիւնն է, որուն զոհ գացած է 1.5 միլիոն հայ։ Սակաւաթիւ յաջողակներ փրկուած են խիզախ մարդկանց եւ մարդասիրական հաստատութիւններու օգնութեամբ։ Մէկ դար անց, 100 LIVES նախաձեռնութիւնը երախտագիտութեամբ կը ներկայացնէ այս փրկուածներուն եւ անոնց փրկարարներուն պատմութիւնները՝ այսպիսով մեծարելով մարդկային ոգիի տոկունութիւնը եւ փառաբանելով մարդասիրութիւնը։
100 LIVES-ը «Հայաստանի Զարգացման Նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի նախաձեռնութիւնն է: IDeA հիմնադրամը կը խրախուսէ Հայաստանի մէջ սոցիալական ձեռներեցութեան գաղափարը՝ ոչ-առեւտրային երկարաժամկէտ ծրագրերու մէջ ներդրումներ կատարելով եւ անոնց յետագայ, կայուն գործունէութիւնը ապահովելով:
The Aurora Prize for Awakening Humanity/ «Ավրորա» մրցանակի մասին
Դափնեկիրները պիտի գնահատուին իրենց արարքներու բացառիկ ազդեցութեան եւ նշանակութեան համար։ «Ավրորա» մրցանակը պիտի շնորհուի յանուն Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն եւ առ ի երախտագիտութիւն անոնց, որ հայ ժողովուրդին փրկութեան ձեռք մեկնեցին: Մրցանակին պիտի արժանանայ այն հերոսը, որ մարդոց կ’օգնէ՝ անձնուիրաբար եւ բացառիկ ջանքերով:
Դափնեկիրը պիտի ստանայ 100,000 ամերիկեան տոլարի պարգեւ եւ նուիրատուութեան շղթան շարունակելու հնարաւորութիւն` 1,000,000 ամերիկեան տոլարի դրամաշնորհ փոխանցելով զինք ոգեշնչած մարդասիրական կազմակերպութիւններուն։
«Ավրորա» մրցանակի ընտրող յանձնաժողովի անդամներն են նոպէլեան դափնեկիրներ Էլի Վիզէլ, Օսքար Արիաս, Շիրին Էպատի եւ Լէյմա Կպովէ, Իրլանտայի նախկին նախագահ Մէյրի Ռոպինսօն, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Հինա Ճիլանի, Աւստրալիոյ արտաքին գործերու նախկին նախարար եւ Միջազգային Ճգնաժամային Խումբի (International Crisis Group) պատուաւոր նախագահ Կարէթ Էվընզ, Նիւ Եորքի Քարնեկի Ընկերութեան նախագահ Վարդան Գրիգորեան եւ օսքարակիր դերասան ու բարերար Ճորճ Քլունի։
«Ավրորա» մրցանակը պիտի շնորհուի ամէն տարի՝ Երեւանի մէջ, Ապրիլ 24-ին։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, տե՛ս www.auroraprize.com/hy.
Զանգուածային լրատուամիջոցներու համար՝ 100livesmedia@edelman.com
Լուսանկարներու եւ տեսանիւերու համար՝ http://edelman.isebox.net/100lives