ԼՂՀ Ազգային ժողովի անդամ Դաւիթ Իշխանեանի քաղաքական հանդիպումներ Ֆրանսայի մէջ


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան, որ Ֆրանսա կը գտնուի, 11 Մարտին հանդիպումներ ունեցած է ֆրանսացի քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ։

11 Մարտին Մարսէյ քաղաքին մէջ Դաւիթ Իշխանեան տեսակցած է Մարսէյի փոխքաղաքապետ Տիտիէ Փառաքեանին հետ, որուն հետ քննարկած է Մարսէյ–Արցախ համագործակցութեան հեռանկարները։ Դ. Իշխանեան ներկայացուցած է այն ոլորտները, որոնց ծիրին մէջ կարելի է համագործակցութիւն ծաւալիլ ապագային։

12 Մարտին Վալանսի մէջ Դ. Իշխանեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամ Նաթալի Նիսոնի հետ՝ քննարկելով հետագայ համագործակցութեան կարելիութիւնները:

Նոյն օրը Վալանսի հայ մշակութային կեդրոնին մէջ կայացած են հանդիպումներ Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոնի եւ Պուրկ-լէ-Վալանսի քաղաքապետ Մարլէն Մուրիէի հետ: Հանդիպումներուն մասնակցած են Արեւմտեան Եւրոպայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի  անդամներ Հրաչ Վարժապետեան, Տիգրան Շահմիրեան եւ Անդրանիկ Նշանեան:

14 Մարտին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանը Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցած են Ֆրանսայի խորհրդարանի Ընկերվարական խմբակցութեան ղեկավար Պրունօ Լը Ռուի եւ ծերակուտական, Արֆորվիլ քաղաքի քաղաքապետ Լիւք Քարվունազի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քն-նարկուած է Արցախի մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը, անդրադարձ կատարուած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան, այսօրուան ընդհանուր կացութեան ու Ղարաբաղի ներքին կեանքի զարգացման հեռանկարներուն:

Մարլէն Մուրիէ ըսած է, թէ ինք երբեք չի մտահոգուիր Ատրպէյճանի «Սեւ ցանկ»ին մէջ ներառուելու հանգամանքով, այլ այդ մէկը աւելի քաջալերական կը նկատէ՝  շեշտելով, որ գոհ ու տպաւորուած է Արցախով ու Արցախի ժողովրդով: «Ձեր ճամբան երկար է, եւ մենք ձեզի հետ պիտի քալենք», հաստատած է ան։

Վալանսի քաղաքապետը իր կարգին, շեշտած է. «Ինծի ըսած են, որ Ատրպէյճան «Սեւ ցանկ» ունի, եւ որ ես ալ ընդգրկուած են անոր մէջ, որովհետեւ կը պայքարիմ յանուն ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան: Զիս երբեք չի մտահոգեր այդ «Սեւ ցանկ»ը»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.