Ֆրանսա Չ՛երաշխաւորեր Յաղթանակի Կամարին Տակ Խոջալուի Արարողութիւնը


Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան Երկուշաբթի, Մարտ 7ին ընդունուած են նախկին ռազմիկներու հարցերու պետական քարտուղար Ժան-Մարք Թոտեսքինիի կողմէ:

CCAF-ի համանախագահները դատապարտած են Ատրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուած քարոզչական արշաւը, ինչպէս՝ Փետրուար 26ին Փարիզի Յաղթանակի կամարին տակ տեղի ունեցած բոցի արծարծման արարողութիւնը, որ կազմակերպուած է՝ ընդառաջելով Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմումին:

Պաքուի քարոզիչները այդ պահը վերածած են Խոճալուի զոհերու յիշատակին նուիրուած արարողութեան մը: Նախկին ռազմիկներու հարցերու պետական քարտուղարը ցաւ յայտնած է ի տես Պաքուի կատարած չարաշահումին՝ շեշտելով, որ Ֆրանսական պետութիւնը բացարձակապէս չ՛երաշխաւորեր նման արարողութիւններ: Ան աւելցուցած է, թէ Բոցի արծարծման յանձնախումբը բոլորովին անկախ մարմին մըն է եւ թէ երբեք չի դիմեր Ֆրանսայի կառավարութեան, Յաղթանակի կամարին տակ տեղի ունեցող արարողութիւններուն մասին ո՛չ անոր կարծիքը առնելու, ոչ ալ զայն տեղեակ պահելու համար:

Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան շեշտը դրած են Պաքուի նախաձեռնութեան ստայօդ բնոյթին վրայ, որուն միջոցով անիկա կը փորձէ մոլորել հանրային կարծիքը՝ գործածելով ֆրանսական կառավարութիւնը: Այս հանդիպման արդիւնքէն ի յայտ կու գայ, որ ատրպէյճանական դիւանագիտութիւնը փորձած է քարոզչական ձեռնարկ մը, որ յաջողած է ֆրանսական որոշ շրջանակներու մօտ, Պաքուի լոպիին տարած աշխատանքին շնորհիւ:

CCAF-ի համանախագահները հանդիպումէն դուրս ելած են ապահովուած: Բոցի արծարծման յանձնախումբը այսուհետեւ զգօնութեան պիտի հրաւիրուի ֆրանսական կառավարութեան կողմէ: Համանախագահները Մարտ 3ին հետեւեալ նամակը ղրկած էին Մանուէլ Վալսին.

«Պարոն վարչապետ, CCAF խոր ընդվզումով տեղեկացաւ, որ Փետրուար 26ին, Յաղթանակի կամարին տակ «Խոճալուի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման» արարողութիւն մը տեղի ունեցած է, Ատրպէյճանի դեսպան Էլչին Ամիրպայովի ներկայութեամբ:

Նոյն նպատակով, Փետրուար 25ին ալ համերգ մը տրուած է Էնվալիտի Սեն-Լուի եկեղեցւոյ մէջ, որ կախեալ է Բանակներու թեմէն: Ատրպէյճանի կողմէ ծրագրուած այս ձեռնարկները մաս կը կազմեն քարոզչութեան մը, որ կը միտի հայերը ցոյց տալու որպէս «ցեղասպաններ» եւ աւելին՝ ատիկա կը կատարուի Ֆրանսայի կողմէ ալ պաշտօնապէս ոգեկոչուած 1915ի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ճիշդ վաղորդայնին: Այն դէպքերը, որոնց կ՛ակնարկեն այս ձեռնարկները, «ցեղասպանութեան» հետ ոչ մէկ կապ ունին: Անոնք պատահած են Ղարաբաղեան պատերազմին ընթացքին, որ երկու կողմերէն 30,000 զոհեր խլեց: Անմեղ հազարաւոր հայ քաղաքացիներ կոտորուեցան այդ հակամարտութեան ընթացքին, թէ՛ պատերազմի հուրին ներքեւ (Ստեփանակերտի անվերջ հրթիռակոծում, ապա նաեւ 1992 Ապրիլ 10ին՝ Մարաղայի հոլոքոսթը), կամ ալ ճակատէն հարիւրաւոր մղոններ հեռու, հրադադարի պայմաններու մէջ. 1988 Փետրուար 28ին եւ յաջորդող օրերուն՝ Սումկայիթի ջարդը (հարիւրաւոր զոհեր), 1990 Յունուար 13էն 19 Պաքուի ջարդերը (շուրջ 400 զոհ), 1988 Նոյեմբերին Կիրովապատի ջարդը, որ պատճառեց աւելի քան հարիւր զոհ, եւ մեծ թիւով քաղաքացիներ ալ անհետացան:

Այս պատերազմին մասին ֆրանսական հանրային կարծիքին անգիտութիւնը շահագործելով՝ հայերը որպէս «ցեղասպաններ» ներկայացնելու Ատրպէյճանի գործընթացը ինքնին անընդունելի է: Իսկ Ֆրանսայի պաշտօնական վարչական շրջանակներուն՝ ալիեւեան վարչակարգին լայնօրէն նպաստած քարոզչական այդ գործողութեանց մասնակից դառնալը բազմաթիւ հարցականներու տեղի կու տայ: Մանաւանդ, որ Ֆրանսա հակամարտութեան լուծումին կոչուած Մինսկի խումբի համանախագահ երկիր ըլլալով, լաւատեղեակ է անցուդարձէն: Հայոց դէմ ուղղուած զրպարտական այս գործողութիւնները, որոնք կ՛երաշխաւորուին Ֆրանսայի Հանրապետութեան կողմէ, իսկական գրգռութիւններ են, որոնք խորապէս կը ցնցեն ծագումով հայ ֆրանսացիները, որոնք լաւ կը գիտակցին «ցեղասպանութիւն» եզրի բուն կշիռին:

Ա՛լ աւելի կը դժուարանանք հասկնալու այս խեղաթիւրումներուն նկատմամբ ցուցաբերուած ակներեւ հաճոյակատարութիւնը, մինչ գիտենք ձեր փարումը հայ ժողովուրդի դատին, զոր հանրապետութեան նախագահը Յունուար 28ին, CCAF-ի ընթրիքին բնութագրեց որպէս «Արդարութեան դատը»: Սպասելով ձեր պատասխանին, պարոն վարչապետ, կը փոխանցենք մեր բարձրագոյն յարգանքներուն հաւաստիքը:

Մուրատ Փափազեան

Արա Թորանեան»

 «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.