Թունուզցիներու ծիներուն 2,6 առ հարիւրը հայկական է


Թունուզեան madeintunisia.com.tn կայքը կը հաղորդէ, որ վերջերս հրապարակուած է մարդկութեան ծինային բաղադրութիւնը, որ յստակ պատկերացում մը կու տայ ժողովուրդներու ծնունդին մասին եւ որովհետեւ պատմական դրուագները կրնան հակասական ըլլալ DNA-ը գիտութիւն մըն է, որուն հաստատումները արարկելը գրեթէ անկարելի է։

 Թունուզի ժողովուրդին արմատները ոմանց համար կը պարունակէ կարգ մը անակնկալներ, ինչպէս նաեւ պատասխաններ այդ երկրէն անցած քաղաքակրթութեանց մասին։՚՚

 Քննութիւնը ցոյց կու տայ, որ Թունուզի ժողովուրդին ծիներուն 53 առ հարիւրը ամազիղ արմատով է, ինչ որ ցած համեմատութիւն է բաղդատմամբ հարեւան երկիրներ՝ Ալճերիոյ եւ Մարոքի։ Ատոր պատճառը կրնայ այն ըլլալ, որ Թունուզի աշխարհագրական դիրքը եւ բնութիւնը պատմութեան ընթացքին զայն ներխուժման ու բնակեցման աւելի դիւրին թիրախ դարձուցած են։

Թունուզցիներու ծիներուն 25,2 առ հարիւրը եւրոպական ծագումով են, 13,8 առ հարիւրը՝ արաբական, 12,9 առ հարիւրը՝ հռոմէական, 12 առ հարիւրը թրքական։ Թուրքերու Թունուզ գաղթը սկսած է 16-րդ դարուն եւ շարունակուած մինչեւ 19-րդ դարու վերջաւորութիւնը, ինչ որ բացատրութիւն մը կու տայ այն իրողութեան, որ բազմաթիւ թունուզցիներ կը գիտակցին իրենց թրքական արմատներուն։՚՚

 Թունուզցիներու ծիներուն 5,9 առ հարիւրը կիպրական ծագում ունին, 3,5 առ հարիւրը յունական եւ վերջապէս 2,6 առ հարիւրը հայկական։

Զարմանալին այն է, որ թունուզցիներու ծիներուն միայն 0,4 առ հարիւրը լիբանանեան է եւ հաստատ ժառանգուած է փիւնիկեցիներէն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.