Սասունեան. «ԱՄՆ ընտրութիւններուն պէտք է թեկնածուներէն պահանջել Արցախի անկախութեան ճանաչումը»


Եկած է ժամանակը, որ ամերիկահայութիւնը որդեգրէ համահայկական նշանակութիւն ունեցող  հարցերու բարձրաձայնման նոր ռազմավարութիւն:

Սա «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեանի տեսակէտն է, որ ան արտայայտած է «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին: Ամերիկահայ հրապարակախօսի դիտարկումով` տասնամեակներէ ի վեր հայերը ամէն չորս տարին մէկ անգամ կը հանդիպին ԱՄՆ նախագահի թեկնածուներուն, կը խնդրեն անոնցմէ խոստում տալ, որ երբ նախագահ դառնան, պիտի ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ատիկա, սակայն, յետագային անարդիւնաւէտ կ՛ըլլայ. Ճնշումներոը տակ նախագահները կը մոռնան իրենց խոստումը, ու ամբողջ աշխատանքը ջուրը կ՛իյնայ:

«Ընդհանրապէս միայն ցեղասպանութեան հարցը պէտք չէ բարձրացնենք: Անիկա քանի մը անգամ ԱՄՆ Քոնկրէսը ընդունած է, Ամերիկայի նախագահն ալ ստորագրած է: Մենք ունինք բազմաթիւ հարցեր թէ որպէս ամերիկահայեր, թէ ընդհանրապէս հայեր: Մեր գլխաւոր խնդիրները պէտք է թեկնածուի առաջ դնենք, օրինակ, Արցախի անկախութեան, Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման, մեր պահանջատիրութեան հարցերը: Ինչու չէ նաեւ բարձրացնենք հարցեր` կապուած Հայաստանին ու Արցախին տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութեան մեծացման ու երկրի համար կարեւոր պաշտօններու մէջ ամերիկահայերու նշանակման հետ: Մենք պէտք է այս հարցերը սեղանին դնենք ու տեսնենք, թէ որ թեկնածուն մեր շահերուն համապատասխան առաջարկներ կ՛ընէ ու որքանով վստահելի են այդ խոստումները», – նշած  Յարութ է Սասունեան:

Յղում կատարելով իր վերջին յօդուածներէն մէկուն` հրապարակախօսը նկատած է, որ ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններու այս փուլին հայերը պէտք է ոչ մէկ թեկնածուի կողքին կանգնին, այլ սպասեն ընտրապայքարի աւելի թէժացման:

«Պէտք է սպասել, որ պայքարը աւելի թէժանայ: Մօտենան Նոյեմբերի ընտրութիւնները, որովհետեւ երբ թեկնածուները իրարու աւելի մօտ ըլլան ձայներով, աւելի նախանձախնդիր կ՛ըլլան մեզի առաջարկներ ներկայացնելու: Եթէ մենք իրենց մօտ երթանք, մենք պէտք է խնդրենք, աղաչենք, պաղատինք, իրենք մեզի միայն խոստում պէտք է տան ու բան չընեն, բայց եթէ իրենք տեսնեն, որ ամերիկահայութեան քուէները կրնան որոշիչ դեր կատարել իրենց ընտրապայքարին մէջ, իրենց շահը կ՛ըլլայ մօտենալ մեզի: Մենք պէտք է մեզի թանկ ծախենք: Դեռ բաւական ժամանակ կայ»,-ընդգծած է Յարութ Սասունեան:

Անդրադառնալով այն փաստին, որ ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ նամակ ուղղուած է նախագահ Օպամային Հայաստանի հետ երկակի հարկումը բացառող պայմանագրի կնքման խնդրով` Յարութ Սասունեան նկատած է, որ շատ կարեւոր հարց է, քանի որ ատիկա նաեւ պիտի  նպաստէ Հայաստանի մէջ ամերիկեան ներդրումներու ներգրաւման:

«Ամերիկահայ լոպպին աշխատանքներ կը տանի, որ Սպիտակ տունը, Քոնկրէսը դրական որոշում կայացնեն այս ողղութեամբ: Ես վստահ եմ, որ ընտրութիւններէն ետք այդ հարցն ալ կը լուծուի, քանի որ անիկա դժուար չէ» ,- աւելցուցած է Սասունեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.