Լոյս Տեսաւ Արշակ Ալպօյաճեանի «Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ» Բ. Հատորը


Քանի մը շաբաթ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսած էր հմուտ պատմաբան եւ բանասէր Արշակ Ալպօյաճեանի «Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ» Ա. Հատորը։ Այժմ, լոյս ընծայուած է նոյնին Բ. Հատորը, 1175 էջ։ Երկու հատորները, միասնաբար, կը կազմեն 2469 մեծադիր էջ։ Երկրորդ հատորի աւարտին զետեղուած է զոյգ հատորներու յատուկ անուններու ընդարձակ ցանկը (շուրջ 148 էջ)։
Երկրորդ հատորը 11-րդն է «Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններ» շարքին, որուն ձեռնարկած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով։

Ինչպէս նախորդ հատորին, նոյնպէս այս հատորին վերահրատարակութեան մեկենասներն են Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Լենա Փոստաճեանները։ Խմբագիրն է՝ Ժիրայր Դանիէլեան։

Արշակ Ալպօյաճեանի գրիչին պատկանող այս զոյգ հատորները ատենին կազմած են Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մեր բնակավայրներուն նուիրուած «տեղագրական, պատմական եւ ազգագրական ուսումնասիրութիւններ»ու շարքին փառաւոր վկայութիւնները։ Այդ հրատարակութիւններուն,- այժմ անգտանելի եւ ուրեմն՝ հայ ընթերցողին համար ամնատչելի,- վերահրատարակութիւնը անհրաժեշտութեան մը գոհացում կու տայ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.