«Թրքական զինուորական միջամտութիւն մը Սուրիոյ մէջ կրնայ վերջ դնել Թուրքիոյ գոյութեան». փրոֆ. Հրիսթով


Ընկերաբան փրոֆ. Իվօ Հրիսթով southfront.org-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով կարգ մը փորձագէտներու այն կարծիքին‚ թէ Սուրիոյ մէջ զինադուլը պիտի տապալի‚ եթէ ռուսական օդուժն ու Սուրիոյ բանակը Ժապհաթ Նուսրայի դէմ պայքարի պատրուակով շարունակեն հարուածել սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան դիրքերը կը յայտնէ. «Նոյնպէս կրնանք քննարկել հակառակ կացութիւնը‚ երբ այսպէս կոչուած «չափաւորական ընդդիմութիւն»ը կը շարունակէ կրակ բանալ կառավարական ուժերուն եւ քիւրտ զինեալներուն  վրայ։ Այդ ձեւով անոնք եւս կը խախտեն համաձայնութիւնը։ (…) Անշուշտ պէտք չէ մոռնանք‚ թէ Սուրիոյ մէջ թրքական ներխուժման մը վտանգը վերջ չէ գտած‚ թէեւ սուրիական հակամարտութեան մէջ մեծագոյն պարտութիւն կրողը ինքնին Թուրքիան է»։

Կը կարծէ՞ք‚ թէ սուրիական բանակը‚ քրտական խմբաւորումները եւ ռուսական օդուժը պիտի յաջողին Սուրիա-Թուրքիա սահմանը փակել եւ Թուրքիայէն ժիհատականներուն զէնք-զինամթերքի մատակարարումը խափանեն հարցումին Հրիսթով կը յայտնէ‚ «Անոնք գրեթէ յաջողած են։ Բացառութեամբ 50-60 մղոն միջանցքէ մը‚ որ ծանօթ է «Ժիհատական մայրուղի» անունով որուն շուրջ ներկայիս կ’ընթանայ մեծ ճակատամարտը եւ Թուրքիոյ համար շատ կարեւոր է։ Քիւրտերն ու սուրիացիները կը փորձեն փակել այդ միջանցքը‚ եւ եթէ յաջողին այդ մէկը պիտի խանգարէ թէ՛ զէնքերու մատակարարումը եւ թէ՛ զինեալներու հոսքը թրքական հողամասերէն դէպի Հալէպ։ Այդպիսով ոչ միայն պիտի ամբողջանայ Հալէպի շրջափակումը‚ այլ նաեւ Իտլիպ նահանգի մէջ գտնուող թրքամէտ ուժերուն շրջափակումը։ Այդ պարագային Թուրքիան դժուար կացութեան մը մէջ պիտի յայտնուի։ Եթէ Թուրքիա որոշէ զինուորական միջամտութիւն կատարել Սուրիոյ մէջ, կրնայ պատճառ դառնալ‚ որ Թուրքիան իր ներկայ աշխարհագրական ձեւով գոյութիւն ունենալէ դադրի։ Եւ եթէ առնելիք քայլ մը չգտնէ այդ եւս կրնայ պետութեան ապագան ու ապահովութիւնը վտանգել։ Թուրքիան ոչինչ կը շահի եւ ամէն ինչ կը կորսնցնէ։ Ան միակ մեծագոյն պարտուողն է»։

Հրիսթով հարցազրոյցի ընթացքին այն կարծիքը կը յայտնէ‚ որ Իրաքի քիւրտերը անկախ Քիւտիստանի մը հիմը պիտի կազմեն՝ սակայն աւելցուց‚ որ քրտական պետութեան մը մասին խօսքերը տակաւին շատ անյստակ են։ Գոյութիւն չունի քրտական հասարակաց ինքնութիւն մը‚ սակայն Թուրքիոյ համար մեծագոյն վտանգը այն է‚ որ անգամ մը որ իր հարաւային սահմանին վրայ քրտական վիճելի տարածք մը ստեղծուի Հարաւարեւելեան Անատոլուի պայթումը ժամանակի հարց կը դառնայ։ «Իրականութեան մէջ‚ Թուրքիան կը փորձէ կանխարգիլել Քիւրտիստանի ստեղծումը‚ սակայն այդ քայլը ամէնէն անմիտ կերպով կը գործադրէ»‚ կ՛ըսէ ան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.