Աւստրալիոյ խորհրդարանի անդամ Զիմերման կոչ կ՚ուղղէ Թուրքիոյ Ճանչալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը


Աւստրալիոյ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Հիւսիսային Սիտնիի նորընտիր պատգամաւոր Թրենթ Զիմմերման իր առաջին ելոյթով կոչ ուղղած է Թուրքիոյ՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Պատգամաւորը Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ պիտի փոխարինէ հայկական արմատներով աւստրալացի գործիչ Ճօ Հոքին, որ ներկայիս Աւստրալիոյ դեսպանն է ԱՄՆ-ի մէջ եւ երկար ժամանակ եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ջատագովը: Զիմմերման իր ելոյթին մէջ ընդգծած է, որ պատմական սարսափելի իրադարձութիւնները` 1915-ին Օսմանեան Կայսրութեան ծրագրած եւ իրագործած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, պատճառ դարձած է միլիոնաւոր հայերու տառապանքի: «Հայերը պատմական մեծ անարդարութիւն տեսած ժողովուրդ են: Անոնք այն քիչերէն են, որոնց նկատմամբ ցեղասպանութիւն իրագործուած է, եւ այդ իրադարձութիւններու սարսափելի կնիքը այսօր կը կրէ անոնց համայնքը: Նման սարսափելի իրադարձութիւններու ամոքման լաւագոյն եղանակը անոնց ճանաչումն է, քաւութիւնը եւ հաշտեցումը: Յոյսով եմ, որ օր մը Թուրքիան, միջազգային հանրութիւնը` ի դէմս ԱՄՆ-ի, պիտի ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը»,- ըսած է նորընտիր պատգամաւորը:

Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր Արին Մարգարեանը ողջունած է Թրենթ Զիմմերմանի քայլը` ընդգծելով, որ ան կ՝ապացուցէ` Ճօ Հոքիի գործին իրական շարունակողն է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդարութեան վերականգման առաքելութեան մէջ: Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհաւորած է Զիմմերմանը իր առաջին ելոյթին առիթով` մաղթելով բեղմնաւոր աշխատանք` խորհրդարանի մէջ Հիւսիսային Սիտնիի եւ ողջ Աւստրալիոյ ընտրազանգուածը ներկայացնելու գործին մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.