Ինչպէս Էնվեր Փաշայի Հոգեզաւակը Դարձայ. Մկրտիչ Սարգիսեանի յուշերը
Հայոց Ցեղասպանութենեան ընթացքին եւ անոր յաջորդող ժամանակահատուածին բազմահազար հայ որբեր բռնի իսլամացման ենթարկուեցան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք վերոնշեալ որբերէն Մկրտիչ Սարգիսեանի պատմութիւնը։
Ուրֆայի կռիւէն վերջ, ամենէն ցաւալին մանուկներու վիճակն էր: Նոր ծնած պզտիկներէն մինչեւ տասը տարեկանները ձգուած էին իրենց բախտին: Աւելի մեծերը իրենց մայրերուն հետ կը բռնէին աքսորի ճամբան:
Միլէթ Խանը եւ Չալոնց Խանը լեցուած էին անհամար մանուկներով: Մէկ օրէն միւսը զրկուած ըլլալով մայրական խնամքէ, անոնք ցուրտին եւ անօթութեան ճիրաններուն մէջ կը գալարուէին: Կաթնկեր մանուկներ` բոյնէն ինկած թռչուններու նման կը ճչային եւ ի վերջոյ կը խեղդուէին իրենց լացին մէջ:
Այս տեսարանին առջեւ, դահիճները մտածեցին այդ մանուկները հաւաքել եւ անոնցմէ եէնիչէրիներու նոր սերունդ մը մէջտեղ բերել:
Այդ օրերուն ես ալ անտէր մնացած որբ մըն էի ու մինչեւ իրիկուն կը թափառէի Միլէթ Խանի բակերուն մէջ: Ծնողքս քշուած էր դէպի անապատ ու գազանները առիթ չէին տուած մօրս, որ գէթ վերջին անգամ ըլլալով սեղմէ զիս իր կուրծքին:
Հիւանդ եւ սպառած վիճակ մը ունէի, երբ խանին մէջ մնացած ազգական մը ձեռքէս բռնելով զիս տարաւ յանձնեց թուրք պաշտօնեայի մը, որ եկած էր անտէր մանուկները հաւաքելու:
Քանի մը տարեկիցներու հետ մեզ տարին Քիւլահեանենց տունը: Մեզ հետ կային նաեւ քանի մը կիներ, որոնց գործը պիտի ըլլար հոգ տանիլ փոքրիկներուն եւ կաթ տալ կաթնկեր մանուկներուն: Այդ կիներէն կը յիշեմ տիկիններ Լուսիա Սէֆէրեանը եւ Ազնիւ Հայթայեանը: Անոնք ամէն ճիգ կը թափէին պզտիկ մը աւելի փրկելու համար մահուան ճիրաններէն:
Մեր վրայ տնօրէն կարգուած էր Ռամզի Պէկ կոչուած արիւնարբու գազան մը: Շուտով յայտնի եղաւ, որ այդ անտէր մանուկները հաւաքած էին ծեծի տակ սպաննելու համար զանոնք: Ասիկա փաստելու համար, կը բաւէ ըսել, որ մեր սենեակին մէջ գտնուող քառասուն տղոցմէն, երկու շաբթուան ընթացքին մնացած էինք միայն չորս հոգի: Անոնք հետեւեալներն էին.- Պետրոս Գոնտրաճեան, որ այժմ Հայաստան կը գտնուի, եղբայրը` Արշակը հաստատուած Փարիզ, իսկ Աւագ Գահվէճեանը կը գտնուի Պէյրութ, ես ալ Հալէպ:
Մենք ալ պիտի ենթարկուէինք հարիւրաւոր զոհերու ճակատագրին, եթէ երբեք միւթէսարըֆին կողմէ պաշտօնանկ չըլլար մեր տնօրէնը ու անոր չյաջորդէր Շաքիր Էֆէնտի կոչուած խղճամիտ մարդ մը: Ասոր համար կ’ըսէին թէ ծագումով արաբ է:
Նոր տնօրէնին առաջին գործը եղաւ քանի մը տուներու մէջ տեղաւորուած որբերն ու որբուհիները փոխադրել ամերիկեան նախկին հաստատութիւններ ու մաս մըն ալ Ս. Սարգիս վանքը:
Նոր տնօրէնին օրով այլեւս մահ տեղի չունեցաւ: Մեզի ընկերակցող հայ կիները ամէն ճիգ կը թափէին, որպէսզի ողջ մնանք: Այս կիներէն մաս մը հետագային որբանոցէն դուրս հանուեցան ու չեմ գիտեր թէ ուր մնացին: Այսօր, տարիներ վերջ, երախտագիտական պարտք մը ունինք անոնց հանդէպ: Ողջ մնացողներս մեր կեանքը առաւելապէս կը պարտինք այդ հայ մայրիկներուն:
Աւելորդ է ըսել, որ թուրք կառավարութիւնը մեզ կը ջանար թրքացնել ամէն կերպով, իսկ մենք ալ այնքան փոքր տարիքի մէջ կը ջանայինք կեղծել ու յարմարիլ:
Օր մը մեր խօճաներէն մէկը քանի մը որբեր առաջնորդեց միւթէսարըֆին մօտ. անոր նպատակն էր մեծաւորին ցոյց տալ իր աշխատանքին արդիւնքը: Միւթէսարըֆը սկսաւ մեզ հարցաքննել, հասկնալու համար թէ լաւ իսլամներ դարձա՞ծ էինք: Մենք մեր դասը առած էինք արդէն, եւ այն հարցումին թէ .– «Հագ տինէ կէլմիշ մը սինիզ», պատասխանեցինք. «Գատըլ պիլատէն պէլլի». այսինքն (աշխարհի ստեղծուելէն ի վեր): Այս պատասխանէն ի հարկէ միւթէսարըֆը շատ գոհ մնաց եւ մեր խօճան ալ հպարտ զգաց ինզինքը:
Ժամանակ մը վերջ, 10-12 տարեկան տղաքը եւ աղջիկները զատեցին եւ ըսին թէ Ատանա մեծերու համար բացուած որբանոցը պիտի երթաք:
Քառասուն հոգի էինք. տեղաւորուեցանք կառքերու մէջ ու հասանք Սրուճ, անկից անդին շոգեկառքով ճամբորդելով իջանք Իսլահիէ: Որբանոցը այդ քաղաքէն վեց ժամ անդին կը գտնուէր:
Մեր հասած գիշերն իսկ, Իսլահիէի մէջ գտնուող ուրֆացի հայ զինուորները եկան գտան մեզ ու տարին իրենց վրանները: Գիշերը մինչեւ լոյս պատմել տուին Ուրֆայի անցուդարձերը, լացին ու լացուցին մեզ ալ:
Երեք օր վերջ փոխադրուեցանք Շխլիի նախկին ֆրանսական որբնոցը: Այնտեղ հաւաքուած էին հինգ հարիւրէ աւելի թուրք եւ քիւրտ որբեր, բոլորն ալ Վանի եւ Էրզրումի շրջաններէն: Մեզ խառնեցին անոնց հետ, որպէսզի կատարելապէս թրքանայինք:
Այդ օրերուն ես ծանր կերպով հիւանդացայ: Որբանոցին տնօրէնը լաւ մէկը ըլլալուն, ինծի ղրկեց Տէօրթ-Եօլի մէջ բացուած բուժարանը: Ամիս մը վերջ արդէն կազդուրուած էի, ու զիս փոխանակ Շխլի վերադարձնելու, ղրկեցին Ատանայի որբանոցը, որ կը կրէր «Էնվէր Փաշա Տար-էլ-Եէթէմ» անունը:
Օր Մը Էնվէր Փաշան Ատանա եկաւ եւ այցելեց մեր որբանոցը: Բոլոր որբերը շարքով կեցած բարեւեցին իրեն, ու ահա հարիւրաւորներու զարմացական նայուածքին առջեւ, Էնվէր Փաշան ինծի մօտեցաւ ու հարցուց անունս եւ մականունս: Անմիջապէս բարեւեցի եւ ըսի թէ Մուհամմէտ Նուրի կը կոչուիմ, իսկ իրեն մօտ գտնուող մեր տնօրէնը երկրորդ հարցումին պատասխանելով, ըսաւ թէ Մուհամմէտ Նուրին թրքացած ուրֆացի հայ որբ մըն է: Այս բացատրութենէն վերջ, շուրջիններուս զարմանքը փոխուեցաւ ապշանքի, երբ Էնվէր Փաշան տնօրէնին յայտնեց թէ, «Այս տղան Պոլիս ղրկէ» («Պու չօճուգը պանա էվլատ էթտիմ»):
Երկու օր վերջ, որբանոցին տնօրէնը, զինուորի մը ընկերակցութեամբ շոգեկառք դրաւ զիս: Երբ Հայտար Փաշայի կայարանը հասանք, թուրք սպայ մը կը սպասէր ինծի: Մասնաւոր կառքով մը ուղղակի Էնվէր Փաշայի պալատը տարուեցայ ու այնտեղ մնացի մինչեւ հովանաւորեալիս վերադարձը:
Երբ Էնվէր Փաշան եկաւ, սպայի մը առաջնորդութեամբ իր մօտ տարուեցայ: Ահա անոր խօսքերը, որ նոյնութեամբ կ’արձանագրեմ. «Օղլո՛ւմ, որբանոցիս մէջէն քեզ միայն զատեցի, որպէս հոգեզաւակ, այսօր իսկ քեզի պիտի տանին զինուորական վարժարան, պիտի աշխատիս, որ լաւ ուսում ստանաս եւ ապագային ծառայես թուրք հայրենիքին»:
Նոյն օրը թուրք սպան ինծի տարաւ Պէյ Օղլու Մէքթէպի Հարպիէն: Այնտեղ մնացի ժամանակ մը: Հայերէնը մոռցած էի բոլորովին ու իսկապէս կորսուած պիտի ըլլայի եթէ զինադադարը վրայ չհասնէր:
Երբ Պոլսոյ մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն տեղեակ եղանք, անմիջապէս յիշեցի որ ես հայ եմ ու դիմեցի Կալաթայի հայոց եկեղեցին: Այնտեղ բաւական դժուարութիւն քաշեցի փաստելու համար հայ ըլլալս:
Քանի մը ամիս վերջ Պոլիսէն ուրֆացի հայ զինուորներուն հետ եկանք Հալէպ, յետոյ Այնթէպ, Ուրֆա: Ժամանակ մը վերջ գտայ մեծ եղբայրս, իսկ ինձմէ փոքր եղբայրս, որ հինգ տարեկանին կորսուած էր, մեր ազատուելէն վեց տարի վերջ գտանք Ռագգայի գիւղերէն Համրայի մէջ: Բաւական ժամանակ պէտք եղաւ հաստատելու համար փոքր եղբօրս ինքնութիւնը: Ի վերջոյ իր նոր հայրն ալ Շէյխ Հիւսէյին Սուլթանին, որ շատ բարի արաբ մըն էր, հաստատեց փաստերուս ճշմարտութիւնը, ու բոլորովին արաբ դարձած եղբայրս յօժարեցաւ յանձնել ինծի:
Այս կերպով ուրեմն, թրքական որբանոցները ոմանց համար գերեզմանոց եղան, իսկ ինծի նման քիչերուն վիճակուեցաւ ողջ մնալ ու այսօր պատմել որբերուն ապրած ողբերգութիւնը:
Մկրտիչ Սարգիսեան
Մկրտիչ Սարգիսեան կ՚ամուսնանայ Ազնիւ-Լաթիֆէ Մաղաքեանի հետ, կ՚ունենան երեք մանչ զաւակներ՝ Սուրէն, Հրայր, Գուրգէն եւ մէկ դուստր՝ Լիւսի այժմ Թէրզեան: Ունեցած են 11 թոռ եւ 6 ծոռ: