Մոնթրէալի մէջ կայացաւ Վանաձորի ճամբարի եւ պատանեկանի հայաստանագնացութեան նուիրահաւաքը


Կիրակի, 21 Փետրուար 2016-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) Կեդրոնական Վարչութեան եւ Գանատայի Պատանեկան Միութեան (ԳՊՄ) Ընդհանուր Վարիչ Մարմնին, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի եւ Վանաձորի Ճամբարի եւ ԳՊՄ Հայաստանագնացութեան նուիրահաւաքը, Մոնթրէալի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահէն ներս։

Բացման խօսքով, ընկերուհի Նորա Զոպոյեան ըսաւ.«իր նպատակին մէջ այնքան օգտաշատ աւանդութիւն դարձած ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան հայաստանագնացութեան ծրագիրը, կը շարունակուի 16 տարիներէ ի վեր եւ իւրաքանչիւր ճամբորդական ծրագրին կը մասնակցին միջին հաշուով 50 պատանիներ։ իսկ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Վանաձորի ամառնային ճամբարը 2011 թուականէն ի վէր, եղած է մղիչ ծրագիր մը կազմակերպութեան գործունէութեան համար։ Վանաձորի պատանիներուն մասնակցութեան թիւը տարուէ տարի աճ կ՚արձանագրէ։ 100 պատանիներով սկիզբ առած ծրագիրը հասած է արդէն 400-ի»։

Ձեռնարկի ընթացքին Երիտասարդացի անունով խօսք առաւ ընկերուհի Միրնա Ֆուտուլեան իսկ Պատանեկանի անունով ընկեր Վիգէն Ապրագեան։ Իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն ցուցադրեց նաեւ տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն կ՚արտացոլար ծրագիրներուն յաջողութիւնը։

Ձեռնարկի ընթացքին կատարուեցան նուիրատուութիններ, որոնց ամբողջական ցանկը պիտի հրատարակուի յետագային։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.