Թրքական կազմակերպութիւն մը հակահայ քարոզչութիւն կը կատարէ Գանատայի խորհրդարանին մէջ
«Գանատացի թուրքերու խորհուրդ» կազմակերպութիւնը յառաջիկայ Մարտ 3-ին Օթթաուայի մէջ կազմակերպած է է միօրեայ սեմինար մը, որուն հրաւիրուած են Գանատայի խորհրդարանի անդամներ։
Օթթաուայի Ծերակոյտի շէնքին մէջ նախատեսուած վերոնշեալ դասախօսական հաւաքի նիւթերուն մէջ ընդգրկուած է «M 380 բանաձեւը եւ անոր ազդեցութիւնը գանատացի թուրքերուն վրայ», զոր պիտի ներկայացնէ Օթթաուայի Գարլըթըն համալսարանի թրքագիտութեան դասախօս փրոֆ. Օզայ Մեհմէթ։ Նշենք, որ M 380-ը այն բանաձեւն է, որ Գանատայի խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած է 2004-ին եւ այդ բանաձեւով կը հաստատուի Գանատայի խորհրադրանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։
Այլ դասախօսութիւն մըն է «Օսմանեան կայսրութեան հայերու հարցը. Սեւրէն Լոզան», զոր պիտի ներկայացնէ Վոսփորի Աթաթուրքի անուան արդի Թուրքիոյ պատմութեան ամպիոնի դասախօս՝ փրոֆ. Սեւտափ Տեմիրճի։
Նշենք, որ Գանատայի թրքական դեսպանատունը իր հովանիին տակ գործող թուրք համայնքի կարգ մը կազմակերպութիւններու միջոցով նախապէս մի քանի առիթներով գանատական համալսարաններու մէջ կազմակերպած է հակահայ բնոյթի ակադեմական դասախօսութիւններ, սակայն առաջին անգամ ըլլալով նման նախաձեռնութեան մը կը դիմուի Գանատայի խորհրդարանին մէջ։