Գեւգէոզեան Նշանակեց Իր Առաջին Կոլը


kevkeozyan_022216

Քոլոմպիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Աթլեթիքօ Պուքարամանկա իր դաշտին վրայ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ալիանսա Փեթրոլերայի հետ:

Աթլեթիքոյի նորեկ մարզիկ Մաուրօ Գեւգէոզեան, որ վերջերս միացած էր խումբին, իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ եւ մրցումին 59-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին կոլը: Ան 81-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:

Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, այժմ Աթլեթիքօ 5 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ դիրքը:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.