Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքի վերականգման գծով ճիգերը կը շարունակուին
1670
0
«Էրմենիհապեր» լրատուական գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ «Սասունի, Պիթլիսի, Մուշի, Վանի և Սթամպուլի հայերու ընկերային օգնութեան, համերաշխութեան մշակութային միութիւն»ը անցեալ շաբաթ գումարած է իր համագումարը, որուն ընթացքին միութեան նախագահ վերընտրուած է Ազիզ Տաղճըն։
Այս առիթով միութիւնը հրապարակած է նաեւ յայտարարութիւն մը, ուր յատկապէս կ՚ըսուի, որ միութեան առաջնահերթ խնդիրը պիտի ըլլայ Մուշի Եուքարը Եոնգալը գիւղի Սուրբ Կարապետ հայկական վանքի վերականգնումը։
Նշենք, որ թրքական պետութիւնը Լոզանի պայմանագիրի 42/3 կէտով պարտաւորուած է պահպանութեան տակ առնել փոքրամասնութիւններու եկեղեցիները, սինակոկները, գերեզմանները եւ այլ կրօնական հաստատութիւնները:
Նկարները՝ Սուրբ Կարապետ վանքը 1915-էն առաջ եւ… այսօր։