Թուրքիա Վրաստանի եւ Նախիջեւանի Մէջ Նոր Ռազմակայաններ Կառուցել Կը Ծրագրէ


Ուէյն Մատսըն ”Սթրաթիժիք Քալչըր Ֆաունտէյշըն”-ի մէջ կը գրէ‚ որ արտասահմանի մէջ երեք նոր ռազմակայաններ կառուցելու Թուրքիոյ յայտարարութիւնը ահազանգով դիմաւորելու փոխարէն՝ ՆԱԹՕ ողջունած է Անգարայի քայլը իբրեւ կայունութեան ներդրում մը։ Սակայն այդ մէկը իրականութենէն հեռու է։ Բազմաթիւ են Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ Նուսրայի եւ Քայիտայի նման ահաբեկչական խմբաւորումներու‚ Լիպիոյ մէջ Անսար Շարիայի եւ Եգիպտոսի ու Թունուզի մէջ Իսլամ եղբայրներու թրքական աջակցութեան փաստերը։

Հիթլերը գովաբանող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Քաթարի‚ Սոմալի‚ Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ ռազմակայաններ կառուցելու ծրագիրը Թուրքիոյ յարձակողապաշտ‚ Նոր Օսմանական եւ ռազմական քաղաքականութիւններուն համահունչ են։ Թուրքիան նաեւ կը կառուցէ իր առաջին օդանաւակիրը‚ ինչ որ Թուրքիոյ ծովուժին ներկայութիւն պիտի ապահովէ Կարմիր Ծովուն եւ Հնդկաց Ովկիանոսին մէջ։

Անգարա կը ծրագրէ նաեւ Վրաստանի մէջ կառուցել ռազմակայան մը‚ ինչպէս նաեւ այլ ռազմակայան մը Ազրպէյճանի մէջ‚ հաւանականօրէն Նախիջեւանի մէջ։ Թրքական ռազմակայաններ կառուցելու այդ ծրագիրները վրացական Ջաւախք եւ Ծալկա շրջաններու բնակչութեան մեծամասնութիւնը կազմող հայերը մղած է Վրաստանէն անջատուելով Հայաստանին միանալու մասին մտածելու։ Տարածաշրջանին մէջ գտնուող հայերը՝ 20-րդ դարու սկիզբը Թուրքիոյ կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ կենդանի յիշատակներ ունին։

Վրացական հողի վրայ թրքական ռազմակայանի մը առաջարկը քննարկուած էր Թուրքիոյ‚ Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներու Թիֆլիսի մէջ կայացած հանդիպումի մը ընթացքին։ Հայաստանի համար մտահոգութիւններ յառաջացնելու կողմքին՝ Նախիջեւանի մէջ թրքական ռազմակայանի մը գոյութիւնը ահազանգի պիտի մատնէ Իրանը‚ որ մտահոգ է ՏԱՀԵՇ-ի եւ սիւննի ժիհատական այլ խմբաւորումներուն հետ Թուրքիոյ կապերէն։

Էրտողան անցեալին ազրպէյճանական ազգայնականութիւնը հրահրած է Հայաստանի դէմ։

Թուրքիան արտասահմանի մէջ իր զինուորական ներկայութիւնը ընդլայնելու իւրաքանչիւր քայլի մէջ ունի ՆԱԹՕ-ի ամբողջական զօրակցութիւնը։ Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ թրքական քայլերը կարելի պիտի չըլլար առանց ՆԱԹՕ-ի քաջալերանքին։ Կովկասի մէջ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր նպատակը Ռուսիան մեկուսացնելն է եւ ուղղակի ճնշում բանեցնել Աբխազիոյ‚ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի նման անկախութեան ձգտող հանրապետութիւններուն վրայ։

Թուրքիոյ շրջանային գերուժ դառնալու ծրագիրները Քաթարի‚ Սոմալի‚ Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ ռազմակայաններով վերջ պիտի գտնէ՞։ Էրտողանի եւ անոր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Փանթուրքական ախորժակները կրնան ստեղծել յաւելեալ ռազմակայաններ Եւրոպայի‚ Կեդրոնական Ասիոյ եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ։ Ալպանիոյ հետ համաձայնութեան մը շնորհիւ թրքական ծովուժը իրաւունք ունի օգտագործելու Վլորէ նաւահանգիստը‚ որ նաեւ ծանօթ է Լիման Փաշա զօրակայան անունով։ Թրքական գաղտնի սպասարկութեան կողմէ Պոսնիոյ‚ Քոսովոյի‚ Ալպանիոյ եւ Մակեդոնիոյ մէջ իսլամ ալպանացիներու‚ պոսնիացիներու աջակցութիւնն ու լարուածութիւններու ստեղծումը ծանօթ է։

Թուրքիա իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ հաստատած է ռազմակայան մը եւ Սուրիոյ մէջ կ’օգտագործէ թուրքմէն եւ սիւննի ցեղախումբերը։ Թուրքերը երկար տարիներէ ի վեր կը ղեկավարեն այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան մէջ ռազմակայաններ։

Թուրքիոյ Կիպրոսի եւ Մակեդոնիոյ մէջ իսլամական անջատողականութեան աջակցիլը եւ նոյն ատեն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քրտական խմբաւորումներու դէմ‚ Ափրիկէի մէջ սոմալեան խմբաւորումներու դէմ եւ Վրաստանի մէջ հայկական խմբաւորումներու դէմ պայքարիլը կրնայ իր դէմ դառնալ։ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը թրքական Քիւրտիստանի‚ նախկին ասորական եւ հայկական հողերու եւ Թուրքիոյ արեւելքին մէջ լազիստանի մը‚ Միջերկրականի ափերուն եւ Թրակիոյ մէջ նախկին յունական հողերուն‚ ներառեալ Պոլիսի անջատումէն երբեք պաշտպանուած չէ։ Արտաքին ուժերու համար Էրտողանի փանթուրքական վարչակարգին դէմ անջատողականութիւն հրահրելու բազմաթիւ առիթներ կան։ Թուրքիան Էրտողանի նման ուժեղ անձնաւորութեան մը իշխանութեան տակ գտնուող միացեալ թրքական հանրապետութիւն մը չէ‚ այլ ազգային եւ կրօնական քարտերէ կազմուած տուն մը։ Աթէնքէն‚ Երեւանէն‚ Մոսկուայէն‚ Պելկրատէն‚ Սքոփիէէն եւ Թեհրանէն ուժեղ հով մը բաւարար է արտասահմանի մէջ տեղակայուած փանթուրանական ուժերը վերադարձնելու տուն դիմակայելու համար երկրին մէջ ազգային եւ կրօնական ազգայնականութեան զարթօնքը‚ որ աւելի մեծ պիտի ըլլայ քան ներկայ քիւրտերուն ազգայնականութիւնը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.